Նուիրեալ Փաղանգն Այս

ԱԶՆԻՒ Գ. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Lokh_Gamavornerou-OrԳոհունակութեան դոյզն ապրումով
Պատրաստ է նուիրական աշխատանքի,
Իր խիղճին ձայնին անսալով`
Հովասուն հանգստութիւն, խանդն է անկարին:

Հոգետանջ նայուածքներու հառաչող
Յուսատու փարոսն է ծիածան
Ներդրումն իր կու տայ յօժարակամ
Կարկաչող երջանկութիւն տկարին:

Ծառայութեան դաշտերը անսակարկ
Քաղցրանուագ բերկրանքով մեղրածոր
Սրբազան աշխատանքն է կամաւոր
Պատարագուող հոգիներու սեղանին:

Նուիրական էակներու փաղանգն այս
Գուրգուրացող նպաստն է անհուն
Տուայտող էակներու կսկիծներուն
Մշտաբոց խարոյկն է տաքացնող:

15 նոյեմբեր 2013

Share this Article
CATEGORIES