Անձնուրաց ԼՕԽ-ականներ
ՆԱՆԻԿ ԳԱՅԹԱՆՃԵԱՆ
ԼՕԽ-ի կամաւորներու անձնուրաց աշխատանքը հիացում եւ հմայք կը պատճառէ արտաքին աշխարհին եւ ազգիս: Կը հոգայ մեր ժողովուրդին կարիքները, կը պահպանէ սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ կը ջանայ զարգացնել ժողովուրդի մէջ մեր մշակոյթի դաստիարակութիւնը, որ շնորհակալ աշխատանք մըն է:
Կը գնահատենք բոլոր կամաւորները, որոնք հոգւով եւ սրտով կ՛աշխատին եւ մեծ յարգանքի արժանի են:
Կը մնանք հաստատ այն տեսակէտին վրայ, թէ կամաւոր աշխատանքը մնայուն պահպանումն է ԼՕԽ-ի նման ազգային հաստատութեան:
Այս համոզումով ալ յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլոր կամաւորներուն անխտիր, յաւելեալ բարգաւաճում եւ նորանոր նուաճում մաղթելով անոնց աշխատանքին բոլոր մարզերուն մէջ հաւասարապէս:
CATEGORIES Անդրադարձ

