ԼՕԽ-ի Դեղատոմս. ԼՕԽ-ի Օրագրէն

ՇԱՔԷ ԳԱՐԱՅԵԱՆ

Lokh_Gamavornerou-OrԼիբանանի պատերազմի ամէնէն ծանր օրերուն զինուորագրուեցայ այս կնոջական բանակին: Ընտանեկան կացութիւնս` «նորաստեղծ ընտանիք», որ չէր արտօներ ինծի ներկայ գտնուելու միութենական ժողով-հաւաքներուն: Երբ զաւակներս հասած էին դպրոցական տարիքի, որոշեցի, որպէս ԼՕԽ-ական` ներկայ գտնուելու մասնաճիւղիս ընդհանուր ժողովին. հաստատ քայլերով մուտք գործեցի այս լուսաշող երկնակամարէն ներս ու հոն տեսայ բարի, ծառայող, գուրգուրոտ հայ կինը. տեսայ ԼՕԽ-ականի գութը` ազնիւ յատկանիշ մը, որ կը ծառայէ կամաւոր աշխատանքի կոչումին եւ ծառայութեան վսեմ հոգին: Բարեգործութեան, ու գթասիրութեան այս նուիրական պարտականութիւնները խթանը հանդիսացան առաւել մխրճուելու այս ազնուագոյն կազմակերպութեան մէջ: Տեսայ հոն հսկայ դպրոցը, ուր շատ բան ունէի սորվելիք:

Ըլլալ պայծառատես, տեսնել բարին ու ճշմարիտը, ճանչնալ ինքզինքդ, ու ընկերային յարաբերութեանց մէջ գործադրել ազնուագոյն զգացումները: Այո՛, հասակ առի այս դպրոցին մէջ: Անցան 30 երկար տարիներ, այս տարիները եղան ծով գիտելիքներու անսպառ շտեմարան. տակաւին շատ ու շատ ունիմ սորվելիք, դպրոց մը, ուր կը սորվիս ու չես դառնար շրջանաւարտ, ոչ ալ կը ստանաս վկայական. սակայն այս դպրոցը քեզ կը կազմաւորէ աննկուն հաւատքով ու կամքով: Փափաքելի է տեսնել երիտասարդ տարրը այս նուիրագործութեան հսկայ դաշտին մէջ, ուր իր նոր շունչով կը դառնայ աւիշը` առաւել պայծառացնելով, ուռճացնելով ազգային, հայրենասիրական ու նուիրումի արժէքները, երաշխաւորելով սրբազան առաքելութեան շարունակութիւնը:

Ու այսօր փափուկ սեռի պատկանող, սակայն ամուր նկարագրով օժտուած ԼՕԽ-ի ԶԻՆՈՒՈՐԸ ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆ Է ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ, ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ` ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ:

Հպարտ եմ, որ 4000 անդամ հաշուող կնոջական այս բանակին զինուորն եմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES