Նորածին Շուշանիկ Ապրեցաւ Շնորհիւ Կամաւոր Եւ Խիզախ Հայուհիներու
ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
1992 յունիս ամիսն է, Երեւանի մեր տան պատուհանէն կը դիտեմ մեր դիմաց գտնուող Նորքի բլուրը: Ուրախ եւ տխուր զգացումներ կը պատեն հոգիս: Ուրախ` Շուշիի յաղթանակով, տխուր, թէ դարձեալ գաղթականներ կրնան հասնիլ այս անգամ Շահումեանէն: Տակաւին Գետաշէնի գաղթականները իրենք զիրենք չեն գտած, եւ բոլոր նորածինները մահացած էին: Շուշիի ազատագրումը շատ խանդավառած էր մեզ, այլեւս Ստեփանակերտը պիտի չռմբակոծուէր, այս մեծ յաղթանակը մեզի հպարտութիւն կը ներշնչէր, վերջապէս զոհ ըլլալու բարդոյթէն պիտի ձերբազատէինք` շնորհիւ մեր քաջարի տղոց: Բայց մենք մտահոգ էինք Շահումեանի գաղթականներով, որովհետեւ Դաշտային Ղարաբաղի Շահումեան շրջանը ազերիները պաշարած էին եւ` գրաւած: Գաղթականները վաղ թէ ուշ պիտի հասնէինք Երեւան:
Յանկարծ աւտոբուսի մը ձայնը շեղեց զիս իմ մտածումներէս, եւ ի՞նչ տեսնեմ` մարդիկ կ՛իջնէին այդ հնամաշ պասէն, վստահաբար Շահումեանի գաղթականներն էին:
Կիներ, ծերեր, երեխաներ` ցնցոտիներով, յոգնած, քրքրուած մազերով, վստահաբար անօթի, քերթուած ոտքերով եւ աղտոտ հագուստներով:
Մեր տան մօտ կը գտնուէր Ներքին Զէյթունի «Ֆիզ-մաթ» դպրոցը, անպայման հոն ապաստան պիտի գտնէին:
Արցունքներս չկրցայ զսպել, անմիջապէս ինքզինքս գտայ իրենց քով` տեսնելու համար, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար շտապ օգնութիւն ցուցաբերել: Ինծի պէս ուրիշ մտահոգ կիներ ալ հոն էին, դրացիներ` թաղի զանազան շէնքերէն:
Պետութիւնը որոշ բաներ դասաւորած էր տեղաւորելու համար գաղթականները «Ֆիզ-մաթ» դպրոցին մէջ:
Մենք ալ, մեր կարգին, ով ինչ ունէր` ուտելիք, հագուստեղէն հասցուցինք իրենց: Առաջին գործերնիս եղաւ օգնել երեխաներուն, որոնց մէջ կար 40 օրուան Շուշանիկը` Շուշիի յաղթանակի օրը ծնած: Անոր մայրը փորձած էր զայն կերակրել իր կաթով, իսկ մեծ մաման` «տատիկը», շալակին առած, 15 օրեր քալած էր միւս գաղթականներուն նման Շահումեանէն մինչեւ Սարսանդի ջրամբարը (Լեռնային Ղարաբաղ) անկէ աւտոբուսով ուղղուած էին Երեւան:
Շուշանիկ կու լար, անոր լացը ցա՞ւ, անօթութի՞ւն, թէ՞ ուրիշ բան կ՛արտայայտէր: Շուշանիկ բերինք մեր շէնքը, լոգցուցինք, կերակրուեցաւ, մաքուր շորեր գտանք եւ հագցուցինք, խանձարուրով փաթթեցինք, եւ ան մշիկ-մշիկ քնացաւ:
Այնուհետեւ, «Ֆիզ-Մաթ» դպրոցի գաղթակայանը դարձաւ մեր թաղէն հոն հաւաքուած խիզախ կիներու խնամքի ենթակայ, կիներ, որոնք զիրար չէին իսկ ճանչնար, բայց վստահաբար ունէին նկարագրի հասարակաց գիծ մը, որ կը միացնէ, կը համախմբէ զիրենք մէկ գաղափարի, մէկ նպատակի շուրջ` օգնելու, ծառայելու կարիքաւորներուն:
Այս ոգին է, որ կը յաղթահարէ ամէն մէկ դժուարութիւն:
Թէեւ Հայաստանը շրջափակուած էր, բայց անոնց հայթայթեցինք, շնորհիւ արտասահմանէն եկող բարերարներուն` հագուստեղէն, ուտելիք, իսկ ՀՕՄ-ի գրասենեակէն ալ` Շուշանիկին մանկական կաթ, որպէսզի ան տոկայ եւ ապրի: Շուշանիկ ապրեցաւ…
Կամաւոր անձը հրաշքներ կրնայ գործել, երբ անձնասէր չէ, երբ անտարբեր չէ, այլ` շրջահայեաց, անձնուէր ու բարի, գրասէր ու կորովով լի:
Եւ այս վարմունքով այս հայուհիները փաստեցին, որ կրնան միանալ Հայաստանի ՀՕՄ-ին, որովհետեւ հոն էր, որ կրնային իրենք զիրենք իրագործել:
Անոնք գործեցին «Ակնունի» մասնաճիւղէն մէջ` օգնելով մեր շրջանի (Զէյթուն, Քանաքեռ) ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, վիրաւոր ազատամարտիկներուն` հիւանդանոցներուն մէջ, հասան նաեւ գաղթականներուն, հաշմանդամներուն, ուսանողներուն, կազմակերպեցին նաեւ գաղթակայանի տաղանդաւոր երեխաներուն հանդէսներ` նուիրուած հաշմանդամ դարձած ազատամարտիկներուն:
Անոնք այդ դժուար օրերուն հոգեպէս հարստացած, մոռնալով ճղճիմ հաշիւները եւ մութ ու ցուրտ օրերը, կ՛ապրէին մէկ նպատակի համար` օգտակար ըլլալ:
Անոնք քաջաբար յաղթահարեցին դժուարութիւնները, որովհետեւ ունէին զօրաւոր կամք եւ գործելու սէր:
Կամք` հանրաշէն գործեր կատարելու.
Սէր` զարգացնելու եւ կատարելագործելու այդ հայրենանուէր գործերը:
18 նոյեմբեր 2013
Պէյրութ