«Կամաւոր Բանակ»
Ն. ՎԷՔԻԼԵԱՆ
Երբ երեխայ էինք ու զանազան առիթներով խմբովին կ՛երգէինք «Յառաջ, նահատակ» քայլերգը, «կամաւոր բանակ» բառերը յատուկ ուժգնութեամբ եւ շեշտադրումով, գլուխները բարձր, հպարտութեամբ կը կրկնէինք:
Չէինք հասկնար իմաստը վստահաբար, բայց ներսէն բխող այդ ուժգնութիւնը մեզի կու տար արիութիւն, խրոխտ կեցուածք եւ նպատակի մը համար կռիւի երթալու պատրաստակամութիւն:
Տարիներու ընթացքին, երբ մեր սերունդը սկաուտական, երիտասարդական, ուսանողական թէ բարեսիրական տարբեր միութիւններու մէջ աշխատանք սկսաւ տանիլ, աստիճանաբար ըմբռնելի դարձաւ «կամաւոր բանակի» հասկացողութիւնը ու բոլորիս համար վերածուեցաւ համեստօրէն, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ տարբեր աստիճաններու դերակատարութիւն վերցնելու իրողութեան:
«Կամաւորներու օրուան» առիթով անհրաժեշտ է վեր առնել կամաւոր գործի հիմնական նախապայմանները:
Առաջին հերթին բառն իսկ կը վկայէ, թէ կամաւորութիւնը ազատ կամքի ընտրանքն է: Պարտադրանք չկայ հոն, ոչ ալ ստիպողութիւն, այլ կայ պարզապէս ազատ որոշում, ազատօրէն մաս կազմելու հաւաքական աշխատանքի մը, ի սպաս հանրային կարիքի: Ազատութիւն մը, որ վստահաբար անձնական որոշումի կողքին, կը բխի դաստիարակութենէ մը, ընդհանրական գիտակցութենէ մը, որ, կը հաւատամ, յաւելեալ չափով ինքնուրոյն է ու խոր, մեր ժողովուրդի պարագային:
Կամաւորութիւնը յանձնառութիւն է անկասկած, Յանձնառութիւն` ազատ կամքով մաս կազմելու ընդհանրական գործի մը, ի սպաս հաւաքականութեան մը: Նոյն այս յանձնառութիւնը կը պահանջէ բծախնդրութիւն, կարգապահութիւն, լրջախոհութիւն եւ համեստութիւն` անկասկած: Իր ազատ կամքով ու ազատ որոշումով կամաւոր գործին մաս կազմելու տրամադրութիւն ունեցող անհատը չի կրնար այդ ճիգին մէջ անլուրջ ըլլալ, պարզապէս թելադրուիլ ինքնագոհութեամբ ու հոգեկան բաւարարութիւն ապահովելու փափաքով, կամ` այդ գործին մէջ փնտռել անուն, դիրք կամ գնահատանք:
Ինքնամոռացութիւնը կամ զոհողութիւնը անհրաժեշտ են կամաւոր աշխատանքին մէջ: Նախ աշխատանքը, յետոյ եսը: Եւ հոս է կամաւորականութեան գաղտնիքը: Օրինակները բազմաթիւ են, թէ որքան հսկայաթիւ կամաւորներ, վատ պայմաններու մէջ, ինքնամոռացութեան եւ զոհողութեան ճանապարհին վրայ, առաջնահերթ նկատած են գործը, նպատակը, ուրիշներուն հասնելու ուղին, մոռնալով իրենց սեփական տունն ու ընտանիքը, սեփական ասպարէզն ու շահերը, յաճախ վնասելով նաեւ անոնց:
Մեր արդի պատմութեան ընթացքին հայ ֆետայիներէն մինչեւ ազատամարտիկները, ազգային համեստ գործիչներէն մինչեւ պատասխանատուները, արուեստի ու գրականութեան նուիրեալները, տարբեր առիթներու եւ նպատակներու նուիրեալները, հայ դպրոցի ծառաները, մարզական, մշակութային, կուսակցական, հասարակական, հայրենակցական, պատանեկան, երիտասարդական թէ ուսանողական, միաւորներու անդամները, հայրենիքի ազատութեան ու գոյատեւմեան համար տարբեր մարզերու ծառաները, բոլորն ալ լաւագոյն օրինակներն են կամաւոր աշխատանքին:
Ծառայութեան ճամբով կամաւոր աշխատանքի լաւագոյն տիպարներէն է անկասկած Հայ օգնութեան միութիւնը, աշխարհատարած իր կառոյցով, հարիւր եւ աւելի տարիներու իր կեանքի փորձառութեամբ ու իր տարածած գուրգուրանքով: Հսկայ «կամաւոր բանակ» մը, որ միշտ շարունակած է տալ, իր առածը բազմապատկել ու իր բազմապատկածը առանց խտրութեան բաշխել բոլորին, զրկելով ինքզինքէն, տալով ուրիշին:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը եւս, իբրեւ Հայ օգնութեան միութեան զաւակը, եղած է ու կը մնայ Լիբանանի հայութեան «կամաւոր բանակը», իր բարեսիրական, ծառայական ջոկատներով` իբրեւ ազատութեան, յանձնառութեան, ինքնամոռացութեան, ինքնազոհաբերման ու ծառայութեան ազնուագոյն սկզբունքներու պաշտպան միութիւն:
Յարգա՛նք ու պատի՛ւ բոլոր կամաւորներուն:
Մեր ժողովուրդը տակաւին ու միշտ արժանի է կամաւորներու հսկայ բանակի: