Կամաւոր Ծառայութեան Օր

ԱՐԱՔՍԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Lokh3_ASHԵրբ ինծի առաջարկուեցաւ «Կամաւոր ծառայութեան օրուան» առիթով այս նիւթին մասին գրել, առանց մտածելու` «այո» ըսի: Յետոյ, երբ որ ուզեցի միտքերս ժողվել ու գործի անցնիլ, կամայ թ ակամայ անցեալէն ներկայ միտքով տարօրինակը «ճամբորդութիւն» մը ըրի: Այն ատեն մտածեցի տեսական հիմքէ մը մեկնիլ եւ բառարան բացի:

Ստեփան Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարան»-ին մէջ «Կամաւոր» բառին դիմաց կը կարդանք. «…1. «Ինչ որ լինում է իւր կամքով, առանց ստիպմունքի, յօժարակամ, ազատ, անձնիշխան: … 2. Նա, որ առանց սպասելու զինուորակոչի վիճակահանութեան` ինքնաբերաբար գնում է զինուորական ծառայութիւն կատարելու…»: Հետաքրքրական է, որ իմ միտքիս եւ յիշողութեանս մէջ այս իմաստները հերթականութեան առումով տեղ փոխած էին…

«Կամաւոր» հասկացողութեան հետ իմ առաջին «հանդիպումս» կապուած է մօրաքրոջս ամուսինին` Մովսէս փեսային հետ, որ Նիւ Եորքէն կամաւոր եկած էր զօրավար Անդրանիկի գունդին մէջ թուրքերուն դէմ կռուելու: Ո՛չ Նիւ Եորքը գիտէի ո՛ւր էր, ո՛չ ալ թուրքերուն դէմ ո՛ւր կռուած ըլլալը, բայց «կամաւոր» բառը արդէն դրոշմուած էր մանկական ուղեղիս մէջ, եւ կ՛երեւակայէի «անսասան, անդեդեւ» Մովսէս փեսաներու «հրաթեւ տորմիղ»-ը, որ իբրեւ «կամաւոր բանակ», կ՛երթար դէպի յաղթանակ` զօրավար Անդրանիկին առաջնորդութեամբ:

Ե՞րբ անդրադարձայ, որ միայն զինուորները չեն, որ կամաւոր կ՛ըլլան, որ` հիւրընկալ Լիբանանի մէջ կամաւորներու հսկայ «բանակ» մըն ալ մեր ծնողները կազմած էին եւ շիւղ առ շիւղ ոչ միայն իրենց բոյնը կը հիւսէին, այլ ձեռք-ձեռքի տուած` կամաւորներով լիբանանահայ համայնքը կը կերտէին: Կեանքի բնական հոլովոյթի բերումո՞վ էր, որ չմտածեցի, թէ ի՛նչ կապ ունին մեր թաղի կամաւոր խաչուհիները, իրենց «Պնակ մը կերակուր»-ներն ու «Կազդուրման կայան»-ները եւ զօրավար Անդրանիկ կամաւորական գունդերը: Դպրոցական միջին տարիքէն արդէն ինծի համար պարզ էր, որ իւրաքանչիւր անհատ իր ընտանիքէն դուրս, իր նախասիրութիւններուն համաձայն, կը փորձէ դերակատարութիւն ունենալ ընկերութեան մէջ` իր ազատ կամքով իր նպաստը բերելու հաւաքականութեան եւ յետոյ նաեւ` ազգի պայմաններուն բարելաւումին: Այսպէս.

– Ան, որ կրօնական ջերմ զգացումներ ունի, կ՛աշխատի եկեղեցիներուն կից` թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու, կիրակնօրեայ դպրոցներէն ներս եւ այլն:

– Ան, որ քաղաքական յստակ կեցուածքներ ունի, կը մտնէ կուսակցական շարքերէն ներս:

– Ան, որ մշակութային հետաքրքրութիւններ ունի, կը մտնէ մշակութային միութիւններու մէջ:

– Ան, որ մարզական լաւ տուեալներ ունի, մարզական միութիւններու մէջ: Իսկ եթէ նաեւ կը սիրէ կարգ ու կանոնը, կը սիրէ բնութեան մէջ ազատ կեանքը եւ անոր կանոնները, նաեւ սկաուտական միութիւններու կ՛անդամակցի:

– Ան, որ ընկերային-առողջապահական շատ լայն հետաքրքրութիւններ ունի, բարեսիրական միութիւններու դռները բաց են:

– Ան, որ նիւթական լայն պայմաններ ունի, երբեմն «մի ոմնի» անուան տակ, երբեմն ալ որպէս «բարերար» կը սատարէ կամաւորներուն ծրագիրներու իրագործումին:

Եւ որքան շատ են օրինակները, երբ «կամաւոր»-ի այս եզրերը, իրարու միացած, հրաշքներ գործած են: Որքան յաճախ եղած են ճգնաժամային պահեր, երբ նպատակը ի՛նքը ծնած է «կամաւորներ», եւ այդ կամաւորները իրարու միանալով` հրաշքներ գործած են: Մեր ազգային-ազատագրական պայքարի ֆետայիները, մայիս 1918-ի զինակոչը եւ անոր հետեւած յաղթանակը, արցախեան շարժումը, պատերազմը եւ յաղթանակը…

Աստիճանաբար, սակայն, «կամաւոր» բառի ընդհանուր յղացքին աւելցաւ եզր մը եւս. կամաւորը նաեւ իր յօժար կամքով աշխատողն է, անվարձահատոյց, կամ, աւելի ճիշդ` առանց նիւթական վարձատրութեան աշխատողը: Միութենական աշխատանքի այս յատկանիշը կրնար երկսայրի սուր դառնալ, մանաւանդ` լիբանանեան տագնապի ճգնաժամային օրերուն: Բայց չեղաւ: 1975-ի լիբանանեան դէպքերուն ընթացքին ստեղծուեցան այս տեսակի «կամաւորականներ».

– «Ազգային խորհուրդ» – երբ Լիբանանի պետական բոլոր սպասարկութիւնները դադրած էին գործելէ, Ազգային խորհուրդը եկաւ այս բացը գոցելու:

– ԱՖԷՏ-ը (Տնտեսական բարելաւումի հայկական հիմնադրամ), 1977-ին հիմնուած հայկական երեք յարանուանութիւններուն եւ վեց բարեսիրական միութիւններու կողմէ, որ կը գործէ մինչեւ հիմա:

– «Նոր Երեւան» սպառողական համագործակցականը (գրեթէ տասներկու տարուան աշխատանքէ ետք վերածուեցաւ պարզ նպարավաճառի):

– «Մենզա» վարկի համագործակցականը, որ կը շարունակէ գործը:

– «Մենգիմ» բժշկական համագործակցականը, որ կը շարունակէ ի գործը:

– «ԱՖՀԻԼ» իրերօգնութեան սնտուկը` ԼՕԽ-ի, Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ Համազգայինի ճիգերով հիմնուած, այսօր կը հաշուէ վեց հազար անդամ: Լիբանանի մէջ գործող բոլոր հիւանդանոցներու ապահովագրական ընկերութիւններէ եւ պետական հաստատութիւններէ ներս մեծ յարգանք կը վայելէ:

– «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը, որուն յարկին տակ կը գործեն` երաժշտանոց, երգչախումբեր, պարախումբ եւ այլն, «Աղբալեան» համալիրէն ներս գործող իր մասնաճիւղով, ուր աւելի քան հազար անձ կը յաճախէ:

Լիբանանահայ կեանքի «կամաւոր բանակին» մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունի ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ օրէ օր մեծնալով, միշտ պատրաստ հասնելու նորանոր առողջապահական եւ բժշկական, ինչպէս նաեւ ընկերային կարիքներուն, իր ամենաարդիական սարքաւորումներով, մասնագիտական անձնակազմով կը սատարէ Պուրճ Համուտի, Պէյրութի մէջ ապրող բոլոր հայերուն եւ ոչ հայերուն` լիբանանեան պետական շրջանակներու մէջ արժանանալով առողջապահութեան նախարարութեան, զանազան դեսպանատուներու բարձր գնահատանքին:

ԼՕԽ-ի այս կեդրոնը կարծիքովս նաեւ խտացումն է «կամաւոր» բառի այս բոլոր եզրերուն: Կամաւորներու ջանքերով ստեղծուած, առաւելաբար կամաւորական սկզբունքներով, բայց մասնագիտական մօտեցումներով եւ արհեստավարժ դրուածքով աշխատող, լիբանանեան պատերազմի օրերուն նաեւ մեր զինեալ տղոց «տուն» այս կառոյցը գեղեցիկ համտեսումն է մեր ազգային թէ անհատական բարի կամքին ու բարի կամեցողութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES