«Կամաւորներու Օր»-ուան Առիթով
ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Համաշխարհային ըմբռնումով, կամաւոր գործի գաղափարը, ժողովուրդներու մէջ սկսած է կարիքի եւ պահանջի ընդմէջէն: Պատերազմներէ ետք սովորաբար աղքատութիւն, հիւանդութիւն եւ անգործութիւն կը տիրէ: Ուստի մարդիկ կարիքը կը զգան, անձամբ կամ խմբային աշխատանքով, օգտակար դառնալու հիւանդին, աղքատին, կարիքաւորին եւ կամ վերաշինելու քանդուած եւ կործանած քաղաքները:
Կամաւոր աշխատանքը կ՛ըլլայ զանազան մարզերու մէջ, յատկապէս` ընտանեկան քաղաքական, ազգային եւ եկեղեցական: Ներկայիս մեր գաղութին մէջ ունինք կամաւորներ, որոնք պարկեշտօրէն կ՛աշխատին` առանց որեւէ ակնկալութեան, տրամադրելով իրենց անգին ժամանակը եւ զոհելով իրենց անձնական ու ընտանեկան հաճոյքները: Այս բոլորը օրըստօրէ կը զօրացնեն կամաւորին ուժականութիւնը, նոյնպէս իր անձնական գիտելիքները: Ժամանակի ընթացքին կամաւորը կը դառնայ աւելի ինքնավստահ, յաջող եւ բարձր նկարագիրի տէր անձ մը: Կամաւոր այս աշխատանքն ու նկարագիրը կը տեսնենք եւ կը զգանք բոլոր ՀՕՄ-ականներուն մէջ: Բայց ափսո՜ս, մենք զիրենք կը յիշենք միայն տարին մէկ օր` «Կամաւորներու օր» անուան տակ:
Այս առիթով ես կը շնորհաւորեմ բոլոր կամաւորները, ՀՕՄ-ականները եւ ԼՕԽ-ականները եւ կը մաղթեմ որ իրենց գիտակցութեամբ եւ բարձր նկարագրով օրինակ դառնան եւ խթան մը ըլլան ուրիշներուն:
Վերջապէս, մեր հայ ազգը կարիքը ունի այս կամաւորներուն, որպէսզի մեր ուսերուն վրայ դրուած այդ ծանր աշխատանքը` «հայապահպանումի» աշխատանքը, շարունակենք եւ սերունդէ սերունդ մեր հայեցի դաստիարակութիւնը փոխանցենք` պահելով եւ պաշտպանելով հայ ազգը ձուլումէ եւ կորուստէ:
Նաեւ կը շնորհաւորեմ բոլոր լիբանանցի գործօն կամաւորները, որոնք կ՛աշխատին միջազգային, պետական եւ ոչ կառավարական միութիւններու մէջ լայն սրտերով եւ համբերութեամբ, կնոջական իրաւունքները պաշտպանելու բոլոր մարզերուն մէջ, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ առողջապահական: Որովհետեւ տակաւին խտրականութիւնը կնոջ հանդէպ կը շարունակուի, եւ ժամանակն է, որ կինը ունենայ իր ամբողջական իրաւունքները, եւ աշխատի այր մարդու կողքին հաւասարապէս, հանրային կամ ընկերային շրջանակի մէջ:

