Կամաւորներու Օր
ՅԱՍՄԻԿ ՄԿՐԵԱՆ

«Հսկայ նուիրման տորմիղ հըրաթեւ
Կամաւոր բանակ,
Յառա՜ջ անսասան, յառա՜ջ անդեդեւ
Դէպի յաղթանակ»
Գ. ԿԱՌՎԱՐԵՆՑ
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի բարեսէր ընկերուհիներու բանակն է այդ, կամաւոր բանակը` տարիներու խորէն եկած եւ ուռճացած, դէպի ապագայ Գացող:
Հիմնադիր ընկերուհիներու միակ տեսլականն էր ծառայել անշահախնդրօրէն հայուն բարօրութեան ու վերելքին համար` փոխարէնը ստանալով «Ուրախութիւնն անանձնական»:
Կամաւոր ծառայութեան խաչուհիներ, ԼՕԽ-ի դրօշին տակ հաւաքուած, նուիրեալ ծառայութեամբ, անձնամոռաց ոգիով յառաջ կը տանին բարեսիրական գործը, որուն համար Տէրը վարձահատոյց կ՛ըլլայ մի՛շտ:
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի կամաւոր անդամը որեւէ ժամանակ պէտք չէ վարանի ու տատամսի եւ ծառայութեան ոգին իր մէջ փոքրանայ: Ամենաչնչին օգնութեան գործն իսկ ընդունելի է եւ աստուածահաճոյ:
Պէտք չէ անտարբեր մնալ ԼՕԽ-ի գործունէութեան հանդէպ: Ժողովուրդին ունեւոր դասակարգէն առնելով` կարիքաւորին տալը իր նշանաբանն է:
Այս օգնութիւնը իր պարունակէն դուրս կ՛ելլէ յաճախ եւ կը հասնի տարբեր շրջաններ եւ այլ հայանպաստ ծրագիրներու:
ԼՕԽ-ի ազգանուէր ու մարդասիրական գործունէութիւնը չքննադատենք, այլ գնահատենք: Մանրուքներով չզբաղինք, այլ էականին կարեւորութիւն տանք, որպէսզի հեռու մնացողներն ու նոր սերունդը հաւատք ընծայեն ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ գան, միանան, գործակցին եւ շարքերը շատանան ու խտանան` չմոռնալով հիմնադիր ու երէց խաչուհիներուն յարգանքի բաժինը:
ԼՕԽ-ը ունեցաւ կառկարուն դէմքեր, որոնք անձնուրացօրէն գործեցին` որպէս ռահվիրաները այս վեհ գործին եւ փայլուն աստղի պէս հետք ձգելով` անցան անմահութիւն:
Վարձքը կատար բոլո՛ր խաչուհիներուն եւ իրենց «Կամաւորներու օր»-ը շնորհաւոր ըլլայ:

