«Արծուիկները` Հպարտ Ոգիով Ցեղին…»

ՅԱՍՄԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Hbard-Vokiov«ԼՕԽ-ը առանձնայատուկ ոգի եւ նկարագիր ունեցող կազմակերպութիւն մըն է, որուն նմանը ուրիշ ազգերու մէջ  չկայ: Ան ստեղծուած է բացարձակապէս զոհաբերութեան հիմամբ ազգային գոյութեան եւ գոյատեւումին համար»:

Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ

1998-ի փետրուար 10-ին ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը բարեկենդանի տօնին առթիւ իր կազմակերպած ձեռնարկին առիթը ընծայեց համախմբելու Լիբանան գտնուող նախկին արծուիկներն ու վարիչները` գլխաւորութեամբ Յասմիկ Գէորգեանի եւ Զարմիկ Տէմիրճեանի, պատուելու արծուիկներու վերջին ընդհանուր խմբապետը` Սեդա Սարեանը, որ իր կարգին, տարիներէ ի վեր իր քով պահած միակ յաղթական բաժակը յանձնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան:

Այդ օրը, ժամանակն ու միջավայրը նախկին արծուիկները մղեց ճախրելու անցած տարիներու ոլորտ մը:

Այդ օրը կերտուեցաւ անցեալի հոյակապ քնարական երգ մը «Արծիւ»-ի խորհուրդով` իբրեւ ուժի եւ յաղթանակի խորհրդանիշ, որ այսօր ձգած է իր ժառանգութիւնը: Արծուիկները ապրելով վերյիշում մը, իրենց դիմակները վար առին ու ճակատաբաց ըսին. «Մենք ԼՕԽ-ի աշակերտուհիներն ենք եւ այժմ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ` հաւատարիմ կամաւոր աշխատանքին» ու երգեցին քայլերգը.

«Զուարթ ու շէն շող, կայտառ ու արի…
Օն, ոտքի, պատրա՛ստ, արծուիկներ բոլոր…
Դէպի յաղթութեան, դէպի ապագան»:

Անցեալի յուշերով պատուած, թուղթին կը յանձնեմ հետեւեալ տողերը:

Շատ փոքր տարիքէս մաս կազմած եմ օգնութեան խաչի հովանաւորութեան տակ գործող արծուիկներու միութեան: Այդ օրէն յատուկ յարգանքի, սքանչացումի սէր ունեցած եմ այս հրաշագործ կանացի կազմակերպութեան հանդէպ, առ այդ պարտք զգացի քանի մը տողերու մէջ ներկայացնել պատմականը արծուիկներուն եւ զանոնք առաջնորդած վարիչներուն:

1940-ական թուականներուն, պահանջքը զգացուած էր կարգ մը շրջաններուն մէջ, ուր ՀՄԸՄ-ը չէր գործեր, երիտասարդ աղջիկներ հաւաքելու եւ միութիւն մը կազմելու` ի շահ հայ ժողովուրդին: Օրիորդաց միութիւնը, որ Օգնութեան խաչի հովանաւորութեան տակ կը գործէր, ինչ-ինչ պատճառներով կը դադրի: Այդ օրերուն Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լոլա Սասունի իր շուրջ կը համախմբէ Օրիորդաց միութենէն խմբակ մը` գլխաւորութեամբ պուլկարահայ Լիլի Գիւմրիւկեանի եւ իրենց պարտականութիւն կու տայ կազմաւորելու պարմանուհիներու նոր միութիւն մը «Օգնութեան խաչի արծուիկներ» անունին տակ:

Վիճակաձգութեամբ իւրաքանչիւրը կը ստանձնէ մասնաճիւղի մը Արծուիկ միութեան պատասխանատուութիւնը` վարիչ անուան տակ, որոնք գնահատելի աշխատանք մը կը տանին, առանց նուազագոյն ակնկալութեան:

Այս միութիւնը իսկական դպրոց մըն էր, ուր կը պատրաստուէր իւրաքանչիւր արծուիկ, ըլլալու ապագայ խաչուհի օգտակար դառնալու, իր կարգին, իր ժողովուրդի զաւակներուն:

Կամաւոր աշխատանքի գաղափարը իր հոգիին մէջ արմատացնելով` ապագային ծիլ տալու մտադրութեամբ, փոքր տարիքէն կը կառչէին, անկեղծ հաւատք տածելով այս հրաշագործ կազմակերպութեան հանդէպ:

Արծուիկներու միութիւնը Լիբանանի մէջ, Զահլէ, Այնճար, Թրիփոլի, Քարանթինա, Արագած, Սիս, Հայաշէն, Էշրեֆիէ մասնաճիւղերուն մէջ կը հաշուէր մօտաւորապէս 700 արծուիկ մրջնիկ, որոնց վարիչներն ու ընդհանուր խմբապետուհին, կանոնաւորապէս կը կազմակերպէին ընդհանուր բանակումներ (մասնաճիւղերը միասնաբար), խրախճանքներ, այցելութիւններ (տպարան, օդակայան), կը սորվէին կարիքները դիմաւորելու անմիջական ձեւերը, ձեռային աշխատանքներ, իսկ երբ բարի գործ մը կատարէին (օգնել ծերերուն, փոքրերուն, անկարներուն եւլն), փողկապին ծայրը հանգոյց մը կը կապէին: Արծուիկը կ՛օգնէր նաեւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն` օրացոյց ծախելով` «պնակ մը կերակուր»-ի հանգանակութեան ատեն: Կը մասնակցէին Հալէպ տեղի ունեցած համահայկական տողացքներուն, կը ծանօթանային տարբեր գաղութահայերուն: Մէջ ընդ մէջ կը սորվէին ազգային եւ յեղափոխական երգեր:

Ունէր նաեւ պասքեթի պզտիկ խումբ մը, որ կը մարզուէր Սեդա Սարեանի կողմէ եւ կը մասնակցէր մրցումներու:

Եւ այսպէս, թէեւ այսօր արծուիկներ չկան, կան խաչուհիներ, պիտի ըլլան, պիտի գան նոր ուժեր` բերելով իրենց հետ հայ կնոջ սիրտը ոսկի` ԼՕԽ-ին ընդմէջէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES