Կամաւորն Ու Իր Գործունէութիւնը
Տ. Թ.
Ամէն տարի «Կամաւորներու օր»-ուան նշումը դարձաւ մեր ընկերութեան աւանդական ձեռնարկներէն մէկը. ընդհանրապէս առանց մտածելու եւ խորանալու, ներկայ կը գտնուինք նշումի ձեռնարկի մը ու գոհանալով արծարծուած մտքերէն, անոնցմէ բխող գոհաբանական զգացումներէն, կը վերադառնանք մեր առօրեային` մինչեւ յաջորդ տարուան նշումը:
Եթէ պահ մը կանգ առնենք եւ մտածենք, թէ իսկապէս ի՞նչ կը նշանակէ կամաւոր եւ կամաւոր գործունէութիւն, պիտի նշմարենք, թէ ան որքա՜ն խոր արմատներ ունի մեր հոգիներուն մէջ եւ որքա՜ն տարածուած գործունէութիւն կը տարուի մեր ընկերութեան մէջ` յանուն օգնութեան, յանուն բարելաւման, յանուն սիրոյ եւ հաւատքի: Պիտի անդրադառնանք նաեւ, որ կամաւոր գործունէութիւնը կու գայ ամբողջացնելու այն աշխատանքները, որոնք նիւթական ներդրումներով կարելի պիտի չըլլային իրականացնել:
Տնտեսական այս տագնապալի օրերուն դժուար է երեւակայել կամաւոր աշխատանքային փարած անձեր. օրուան կարիքները կը գերակշռեն բոլոր մտահոգութիւնները, կը ջլատեն մարդկային կամքն ու ֆիզիքական կարողութիւնները եւ այնպէս կը կարծուի, որ հրապարակէն հետզհետէ կը պակսին կամաւոր գործիչները:
Բայց մեր իրականութեան մէջ կայ մէկ կազմակերպութիւն` Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որ իր հարազարաւոր անդամներով ու հարիւրաւոր կամաւոր գործիչներով կու գայ հերքելու այն կարծիքը, ուր իր ամէնօրեայ հեւքովն ու իրականացումներով յաճախ կը զարմացնէ ընկերութիւնն ու նոյնիսկ երբեմն ինքզինք:
Ո՞ւր է կամաւոր գործին հմայքը, որ այսօր կը խօսինք տնտեսական ծանր պայմաններուն մասին, տակաւին կան կամաւորներ, որոնք իրենց ժամանակն ու կարողութիւնները անշահախնդրօրէն եւ առանց վարանումի կ՛օգտագործեն իրենց տարած աշխատանքին մէջ: Կը մտածեմ ԼՕԽ-ական կամաւորներու բանակին մասին, որոնք նետուած են, ըստ իրենց կարողութեան, ժամանակին, ընկերային, առողջապահական, վարչական, հաշուապահական, յարաբերական, ընկերային բազմազան գործունէութեան մարզերուն մէջ` սիրով, կամովին, հպարտօրէն, առանց որեւէ ակնկալութեան:
Կամաւորը ունի իր իւրայատուկ վարձատրութիւնը, որ նիւթական արժէքով չի գնահատուիր: Կամաւորը գործի մղող մարմինին կողմէ եղած գնահատական արտայայտութիւն մը, կամաւորին ծառայութիւնը ստացողներուն գոհունակ ժպիտն ու շնորհակալութեան արտայայտութիւնը, իր խղճին առջեւ բարի եւ լաւ գործ մը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը վարձատրութեան մեծագոյն արժէքներն են:
Կամաւորը գործը չի սատարեր միայն կարիքաւորին օժանդակութեան եւ կեանքի բարելաւման, այլ նաեւ մեծ ծառայութիւն կը մատուցէ կամաւորին` իրեն: Կամաւորը իր գործունէութեան ընթացքին ձեռք կը բերէ յաջողութիւններ, փորձառութիւն, ի յայտ կը բերէ ինք իր մէջ կարողութիւններ, որոնք կ՛արժեւորեն զինք` իրեն տալով ինքնավստահութիւն եւ ինքնարժեւորում:
Աստուածատուր նուէր է կամաւոր գործի մէջ ըլլալը, սակայն այնքան ալ դիւրին չէ իսկական կամաւոր գործիչ ըլլալը: Կամաւոր ըլլալը արուեստ է եւ արուեստը իր նրբութեան չափանիշները ունի: Կամաւորին արուեստի չափանիշները պարզ են` հաւատալ տարած գործին, լաւագոյն տալ, ըլլալ համեստ եւ պարզ, ոսկի հատիկներով լեցուն ցորենի հասկին նման գլուխը կախ, բայց` հպարտ: Ահա այն ատեն մենք կ՛ունենաք ոչ միայն սովորական կամաւորներ, այլ` կամաւորներու ընտրանի մը, որ կը հարստացնէ եւ կ՛ազնուացնէ մեր կազմակերպութիւնը: Այն ատեն կամաւորը կը դառնայ ամէն վայրկեան յիշատակելու արժանի մարդ:
Ի՜նչ պիտի ըլլար դեկտեմբերին կամաւորներուն յիշատակութեան օրը կոչել ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու օր: Վարձքը կատար բոլոր կամաւորներուն:

