ԼՕԽ-ը Հայ Ազգի Կամաւոր Ուժը

ՄԱԿԻ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Azki-Gamavor-OujՄանկութեան եւ պատանեկութեան տարիքիս, տան մէջ թէ բարեկամական-միութենական շրջանակին մէջ, շատ լսած էի օգնութեան խաչի մասին ու «Օգնութեան խաչի, դարմանատուն» ցուցատախտակը ամէն առաւօտ դպրոցի ճամբուս վրայ կարդացած սակայն ԼՕԽ-ի մէջ գործելս առաջինը պիտի ըլլար:

Արդարեւ, 1970-ական թուականներու սկիզբը, համալսարանէն նոր շրջանաւարտ, «Զաւարեան» ուսանողական միութեան վարչական, գաղափարը ունեցայ ԶՈՄ-ի մէջ ԼՕԽ-ին օժանդակող յանձնախումբ մը յառաջացնել, որուն առաջին գործը եղաւ այդ օրերուն Շթորայի Ազգային Աղբալեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցող ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի մանուկներու դաստիարակութեամբ զբաղիլը: Խոշոր սրահ մը` վերնատունով, ուր պատասխանատուները կը մնային, իսկ մեզի տրամադրուած էր պահեստանոցի քովի խցիկը: Դժգոհ չէինք. առաջին փորձառութիւն… մեծ իրագործումի երազները, դաստիարակչական ծրագիրները, նոր ոճով աշխատանքը մեծ մասով գետնին վրայ տեղ չգտան: Ընկերային, հոգեբանական եւ առողջապահական կարիքները նախապատիւ էին դասական դաստիարակչական աշխատանքին դիմաց:

Առանց «միջնորդ»-ի (մէկը մեզի չէր թելադրած, որ երթանք կամ յայտարարութեան մը չէինք ընդառաջած) կամովին նուիրուած էինք ծառայութեան ամէնէն նուիրականին ու կարողացած էինք ժպիտ մը ուրուագծել հայ մանուկին գունատ դէմքին, հաճոյքով լեցնել անոր հոգին ու ապահովել ֆիզիքական առողջ վիճակ: Ուրախ ու գոհ էին մանուկները, իսկ մենք` հոգեպէս գոհացած ու լիացած:

Երկրորդ աշխատանքը «Պէյրութ» մասնաճիւղի վարչութեան պահանջով վեց նիւթերէ բաղկացած դասախօսական շարքի մը պատրաստութիւնն էր: Նոր յանձնառութիւն, նոր պատասխանատուութիւն ու մեծ տագնապ, որովհետեւ մեր փափաքով ընտրուած նիւթերը դասականէն դուրս էին ու արդիւնքը` անորոշ: Արդեօ՞ք տիկինները պիտի ուզէին լսել այդ նիւթերուն մասին… ի՞նչ պիտի ըլլար սրահին պատկերը: Շնորհիւ վարչութեան վստահութեան քաջալերանքին ու ճիգին` բացառիկ յաջողութեամբ աւարտեցինք դասախօսական շարքը:

Ու անակնկալը… որպէս գնահատանք տարուած աշխատանքներուն` Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներէն մին եւ վաստակաշատ այլ ընկերուհի մը մեզ կը հրաւիրէին ԼՕԽ-ի Պատգամաւորական ժողովին: Ոչ ԼՕԽ-ականներ կը մասնակցէին միութեան գերագոյն լիիրաւ անդամի նման: Նախագահութիւնը առիթ տուաւ արտայայտուելու առաջարկներ ներկայացնելու. անցաւ օրուան կէսը, երբ առաջարկի մը գծով Շրջանային վարչութեան երիցագոյն ընկերուհին ոտքի ելաւ եւ յայտնեց, որ մենք ԼՕԽ-ական չէինք եւ չէինք կրնար այս ժողովին մասնակցիլ, ուր մնաց առաջարկներ ալ ներկայացնել: Հարցը փակուած էր: Դադարին ընկերուհին ժպիտը դէմքին, աչքերը ուրախութեամբ լեցուն մօտեցաւ ինծի ու ըսաւ` «յուսամ չես նեղուած ինձմէ, ներողամիտ եղիր, որ արգելք հանդիսացայ, կը մաղթեմ, որ ապագային առիթը եւ իրաւունքը կ՛ունենաս առաջարկներ ընելու, իսկ ներկայացուած առաջարկը նկատի կ՛ունենանք»:

Գրեթէ նոյն ժամանակին մէջ իրագործուած աշխատանքներու փորձառութիւնը իմ մտքիս մէջ ուրուագծեցին ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին ՀՈԳԻՆ` հաւատք երիտասարդութեան նկատմամբ, քաջալերանք, վստահութիւն, ներողամտութիւն ու մանաւանդ` հոգիի վեհութիւն:

Ու սորվեցայ, որ դասական կամաւոր աշխատանքէն շատ աւելի վեհ ու մեծարժէք է ԼՕԽ-ի գործն ու աշխատանքը:

Արդարեւ, 1985-ին հաստատուած եւ 5 դեկտեմբերը տնտեսագիտական եւ ընկերային բարգաւաճման կամաւորներու միջազգային օր յայտարարուած Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը կամաւոր աշխատանքը կը սահմանէ որպէս «ընկերամշակութային երեւոյթ մը, ուր կամաւոր եւ անվճար անհատը մասնակից կը դառնայ ոչ եկամտաբեր աշխատանքներու, որպէսզի անհատներու եւ հաւաքականութեան բարօր կեանք ապահովէ»:

Կամաւոր աշխատանքը հիմնուած է մարդկային փոխ-յարաբերութեան եւ միջգործակցութեան վրայ, որ առիթ կու տայ օգնելու եւ զօրակցելու ուրիշին, սրբագրելու մարդկային անարդար վիճակները, մղիչ ուժը հանդիսանալու տկարին, զարգացնելու անոր մէջ ինքնավստահութիւնն ու դէպի լաւին ձգտումը:

Անհրաժեշտ է, որ կամաւոր աշխատանքին նետուող անհատը ունենայ յստակ նպատակ մը իր կեանքին մէջ. ըլլայ լաւ ծրագրող եւ ապագայի արդիւնքները կարողանայ նախատեսել եւ անպայմանօրէն ունենայ պատկանելիութեան զգացում, որպէսզի կարողանայ դուրս գալ անհատական, սեփական նեղ կեանքէն դէպի հանրային կեանք, որովհետեւ կամաւոր աշխատանքի կարելիութիւնները լայն են եւ ընտրութիւնները բազմաթիւ: Անհրաժեշտ է գիտնալ ընտրութիւն ընել` համաձայն իւրաքանչիւրի կեանքի փորձառութեան եւ ժամանակի պահանջին:

Հարց տանք իւրաքանչիւրս, թէ ի՞նչ կը շահինք կամաւոր աշխատանքով. արդեօ՞ք փոխուած է մեր մտածելակերպը կեանքի զանազան երեւոյթներուն նկատմամբ, արդեօ՞ք մեր կեանքի նախասիրութիւնները նոր ուղղութիւն ստացած են:

Վստահաբար իւրաքանչիւրիս պատասխանը համապատասխան մեր նկարագրին ու գործելաձեւին պիտի ըլլայ տարբեր, պիտի ըլլայ զանազան:

2001-ին եւ անոր յաջորդող տարիներուն «Կամաւորներու օր»ուան առիթով ՄԱԿ-ի կատարած ուսումնասիրութիւնները կը բացատրեն, որ անհատներ կամաւոր աշխատանքով վերարժեւորած են իրենք զիրենք ու որպէս կամաւոր` կրցած են ոչ ըսել, առիթը ունեցած են անկեղծ ըլլալու, կարելիութիւնը ունեցած են իրենց ձիրքերը բացայայտելու, զարգացնելու եւ օգտագործելու, ընկերութիւնը ճանչցած են աւելի լաւ, իրենց մէջ զարգացած է ու աճած պատկանելիութեան զգացումը` ըմբոշխնած են հոգեկան հաճոյքն ու գոհունակութիւնը, ճանչցած են ուրիշներ եւ ստեղծած են նոր բարեկամութիւններ, ընդարձակած են իրենց հորիզոնը եւ ձերբազատած են կեանքի ձանձրոյթէն, հաճելի միջավայրի մը մէջ ապրելու եւ գործելու կարելիութիւնը ստեղծուած է իրենց, կրցած են ընկերութեան վերադարձնել բաժին մը իրենց ստացածէն ու մանաւանդ սորված են յարգանք ու ճանչցած են իրենք զիրենք:

Հայերուս մէջ կամաւոր աշխատանքը հին է մեր պատմութեան հնութեամբ: Վկա՛յ մեր վանքերը, որոնք ապաստանարան ծառայած են որբերու, անկարներու, տկարամիտներու եւ անտէր ընտանիքներու: Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ կը հանդիպինք «տիկնայք փափկասունք»-ներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են տկարին օգնելու, այրիին սփոփելու, որբը ուրախացնելու աշխատանքին, եւ զուգադիպութիւն չէ՞ արդեօք, որ ոմանք անուններով մկրտուած են նոյն նպատակին ծառայող ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը:

Օտարի լուծին տակ, երբեմն բացայայտ ու շատ յաճախ գաղտնի, սակայն կազմակերպուած բարեգործութեան խմբակները պահպանեցին հայ գեղջուկն ու մանուկը: Իսկ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ կամաւոր աշխատանքին ազնուագոյնը կը տեսնենք այդ անունով կոչուած «կամաւորական գունդեր»-ուն մէջ, ուր հայ երիտասարդն ու ծերունին ու անոնց կողքին հայուհին իրենց կեանքով ծառայեցին հայ ազգի գոյատեւումի վեհ նպատակին ու առիթը տուին մեզի տեսնելու 21-րդ դարը:

1890-ի ջարդին ու 1915-ի Մեծ եղեռնին հետեւանքները նոր իմաստ ու թափ կու տային հայ կամաւորներու աշխատանքին` մղիչ ուժը դառնալով 1910-ին Հայ օգնութեան միութեան եւ 1930-ին ՀՕՄ-ի միաւոր լիբանանահայ օգնութեան խաչի հիմնադրութեան վերակազմակերպելով արդէն իսկ գործող բարեսիրական խմբակները մէկ դրօշի տակ:

Սկիզբը գործեցին երկսեռ ու ապա դարձան կնոջական կազմակերպութիւն, որովհետեւ հիմնադիրներ կը հաւատային ու քաջ գիտէին, որ սերունդէ սերունդ հայ հոգիին փոխանցումը ու ազգի շարունակութիւնը ապահովելու եւ նոր սերունդի ազգային ինքնութեան, պատկանելիութեան ձեւաւորումին ու պահպանումին լաւագոյն վարպետը հայուհին է, իսկ հայուհիին բարոյական կերպարը կերտողն է ՀՕՄ-ը- ԼՕԽ-ը:

Արդարեւ, մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող բազմերանգ կամաւոր աշխատանքին ազնուագոյնն է ԼՕԽ-ի աշխատանքը, որուն հովանիին տակ կը գործեն հոյլ մը հայուհիներ` առանց տարիքի թէ ընկերային մակարդակի խտրութեան: Իւրայատուկ է ան, որովհետեւ հոն կատարուածը լոկ կամաւոր գործ չէ, այսինքն ազատ ժամերը բարի գործով լեցնել չէ, այլ ծառայութիւն եւ միայն ծառայութիւն է. միայն տալ` բարոյական ըլլայ այդ թէ նիւթական. ծառայել մանուկին, ծերին, երիտասարդին ու պարմանին, հիւանդին եւ առողջին` առանց ակնկալութեան, առանց ժամանակի սահմանումի ու Աւետարանի` «աջ ձեռքին տուածը ձախ ձեռքը պէտք չէ իմանայ» սկզբունքով:

Ու անկասկած, ծառայութիւնը աշխատանքի տեսակ կամ մակարդակ չի ճանչնար. չկայ վատ ու լաւ գործ, չկայ շատ ու քիչ ծառայութիւն, չկայ մասնաճիւղ թէ շրջանային մակարդակ:

Վստահաբար բոլորս ալ լաւ գիտենք առածի անցած պատմութիւնը. հարց կը տրուի տանտիրուհիին, թէ ո՞վ է այս տան ծառան. կը պատասխանէ` ԵՍ: Հարց կը տրուի կրկին, թէ ո՞վ է այս տան տէրը. կը պատասխանէ` ԵՍ:

ԼՕԽ-ականը ծառան է հայ ժողովուրդին եւ տէրն է հայ ժողովուրդին:

Եւ որովհետեւ կազմակերպութեան մը մղիչ ուժը իր անդամներն են, որոնք ժողովուրդի կարիքներուն միշտ ականջալուր են, մշտանորոգ եռանդով գործի լուծուելու պատրաստ են, անհրաժեշտ է, որ ըլլան զինուած ազգային գիտակցութեամբ ու դաստիարակութեամբ, որպէսզի կարողանան իրենց դէմ ցցուող խոչընդոտներն ու ծաւալող դժուարութիւնները յաղթահարել, ինչպէս նաեւ կարողանան դիմագրաւել ճակատագրական մարտահրաւէրները:

Դեկտեմբեր 5-ի նման թուականներ առիթներ են իւրաքանչիւրիս համար վերարժեւորելու մենք մեզ, տեսնելու մեր իրական տեղը ԼՕԽ-ի մէջ ու հարց տալ, թէ ի՞նչ ըրինք, ի՞նչ կրնայինք ընել ու ի՞նչ պէտք է ընենք տակաւին: Ի՞նչ յատկութիւններով պէտք է մենք մեզ զինենք, որպէսզի կարողանանք տակաւին տարիներով շարունակել հայ ժողովուրդի ծառայութեան նուիրական աշխատանքը:

Իրականութիւն է, որ կամաւոր աշխատանքը բնածին է, ու հայ ժողովուրդը բախտաւոր է այս յատկութիւնը ունենալուն համար: Սակայն վստահաբար այդ մէկը բաւարար չէ: Անհրաժեշտ է նորոգուիլ, ժամանակին հետ քայլ պահել, օգտուիլ մեր սխալներէն ու չկրկնել զանոնք, ունենալ ազնիւ հոգի, բարի միտք, անսպառ ուժ, աննկուն կամք, ըլլալ ներողամիտ, սակայն` ոչ թոյլատու սխալներու նկատմամբ, բծախնդիր աշխատանքի մէջ ու հետամուտ լաւագոյնը գործելու` առանց սակարկութեան օգտուիլ ուրիշներու փորձառութենէն, որովհետեւ ԼՕԽ-ը հայուհին պատրաստող հնոցն է, որ որպէս մայր պիտի կարողանայ լաւագոյնս դաստիարակել, իր զաւակները ու որպէս հայ կին` ըլլալ յանձնառու հայութեան գոյատեւումին եւ ազգային արժէքներու պահպանումին, մանաւանդ` 21-րդ դարու համաշխարհայնացումի հոսանքին դիմաց:

Այս բոլորին հասկացողութեամբ գործած են ԼՕԽ-ի հիմնադիրները ու անոնց յաջորդող սերունդները տասնամեակներ շարունակ, վերանորոգ շունչով երիտասարդ պահած են ԼՕԽ-ը ու մեզի կտակած` զայն պահելու միշտ երիտասարդ, որուն համար անկասկած պէտք է հզօրանանք, հզօրացնենք ԼՕԽ-ը, որպէսզի ոչ միայն ունենանք հզօր սփիւռք, այլ կարողանանք հզօր պահել զայն:

Ու այդ ընելու համար պէտք է ծրագրուած կամաւոր աշխատանք` երիտասարդութեան ներգրաւումը ընելով առաջնահերթ նպատակ: 21-րդ դարու արհեստագիտական բարգաւաճումը չէ հայ անտարբեր երիտասարդութեան մը գոյութեան պատճառը, այլ մենք ենք, մենք ենք, որ զիրենք կը պատրաստենք անտարբերներ: Կամաւոր աշխատանքի, յանձնառու պարտականութեան գիտակցութիւնը կը սկսի փոքր տարիքէն` տունէն, դպրոցէն: Փոքր տարիքէն պէտք է իւրաքանչիւր հայ վարժուի կամաւոր աշխատանքին տան մէջ, դպրոցին մէջ ու դառնայ կազմաւորուած կամաւորը: Պէտք է լսել երիտասարդներուն ու թերեւս յարմարելու համար իրենց` անհրաժեշտ ըլլայ մեր գիտցած դասականէն տարբեր գործելաձեւ, գործելաոճ որդեգրել, կամաւոր աշխատանքի նոր մարզեր ստեղծել. նոր փայլք տանք կամաւոր աշխատանքին ու զայն դարձնենք գրաւիչ:

Վստահաբար այս է դեկտեմբերի պատգամը իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի` շարունակել գործել կամաւոր աշխատանքի նկատմամբ հաւատքով ու հաւաքական գործելաոճի տեսլականով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES