Տէր Զօրէն Սպիտակ. Դեկտեմբեր 7, 1988:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Քսանհինգ տարիներ առաջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:40-ին, 6.8 զօրութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց մեր հայրենիքը: Սպիտակ քաղաքը հիմնայատակ կործանեցաւ: Զոհերուն թիւը հասաւ քառասունհինգ հազարի: Ցնցուեցաւ համայն հայութիւնը: Սուգը պատեց նաեւ սփիւռքահայութիւնը: Պարահանդէսներն ու խրախճանքները չեղեալ նկատուեցան: Չյետաձգուեցան: Վերջնականապէս ջնջուեցան: Ոչ մէկ ուրախ առիթ: Շշմած էր ամէն մարդ: Մեծ ու պզտիկ, երիտասարդ թէ տարեց: Հեռատեսիլի օտար կայաններէն անդադար սրտաճմլիկ նկարներ ցոյց կու տան: Աշխարհը յուզուած է, սակայն քանի՞ վայրկեանի համար: Քիչ ետք արդէն մոռցած են: «Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ», կ՛ըսէ հայկական առածը: Այդ կրակը այրած է ամէն հայու սիրտ: Բոլորին բերնէն կը լսուէին միեւնոյն խօսքերը. «Ի՞նչ է հայուն յանցանքը: Կոտորած ու տեղահանութիւն արդեօք բաւարար չէի՞ն, եղածով չգոհացա՞ւ Աստուած եւ կ՛ուզէ անգա՞մ մըն ալ պատժել տանջուած ազգ մը»: Մարդ արարածը երբ նեղ վիճակի մէջ գտնուի, նոյնիսկ անհաւատները, ամէնէն առաջ Աստուծոյ կը դիմեն, եւ երբ յուսահատական վիճակի մէջ ըլլան, առաջին անգամ Աստուած կ՛այպանեն: Թուրքը թրքութիւն ըրաւ: Ամբողջ ցեղ մը տեղահան ըրաւ, իսկ ներկայիս բնութիւնն ալ անխիղճ գտնուեցաւ հայութեան հանդէպ:
Ողբալով հարցերը չեն լուծուիր: Անմիջապէս կը կազմուին յանձնախումբեր` օգնութեան հասնելու մեր աղէտեալ հայրենակիցներուն: Ամէն մարդ գործի վրայ է: Դրամահաւաք, դեղորայք, հագուստեղէն, մէկ խօսքով` այն բոլորը, որուն պէտք ունի մեր հայրենիքը: Հայկական վարժարաններ, ակումբներ, բոլորը կեդրոնատեղի դարձած են: Ամէն մարդ, անխտիր, կու տայ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Ամէն մարդ գիտէ` որքան ցուրտ է Հայաստանի ձմեռը, եւ ողջ մնացածներէն հազարաւոր մարդիկ, անտուն, առանց վառելանիւթի, կը սառին: Փրկարար խումբեր անմիջապէս կը հասնին դէպքին վայրը: Աշխարհի չորս կողմերէն հայ բժիշկներ յաջորդ օրն իսկ արդէն հասած են հայրենիք ու գործի վրայ են` կարենալ փրկելու համար վիրաւորները, որպէսզի անոնք ալ չմիանան առյաւէտ ննջող իրենց սիրելիներուն:
Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ լուռ պատգամ, չեմ գիտեր…
Այդ շրջանին մեր տան ջեռուցիչը միայն մէկ օրուան համար խանգարուեցաւ, յաջորդ օրը արդէն նորոգուած էր: Միայն մէկ օր մեր մորթին վրայ զգացինք Լոս Անճելըսի ցուրտը, որ կարելի չէ բաղդատել Հայաստանի խիստ ձմրան հետ: Ծածկոցներու փաթթուած` կը սառէինք, եւ տակաւին տան մէջ էինք, փողոցը չէինք:
Յունուար 17, 1994:
Առաւօտեան ժամը 4:30-ին 6.7 զօրութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց Լոս Անճելըսը:
Եթէ բաղդատական մը ընենք երկու երկրաշարժերուն միջեւ, զօրութեան տարբերութիւնը այնքան ալ մեծ չէ, սակայն վնասը… անբացատրելի: Լոս Անճելըսի մէջ քանի մը կամուրջներ վնասուեցան, քանի մը խարխլած տուներ փուլ եկան, եւ… ընդամէնը 57 մահ: Կարելի՞ է բաղդատել 25 հազարը 57-ին հետ: 57, ոչ թէ յիսունեօթը հազար, թէեւ անոնք ալ մահ ու կորուստ են, բայց թիւը, համեմատական տարբերութիւնը ապշեցուցիչ է:
Մեր դժբախտ հայրենիքը հազիւ քանի մը տարի անկախացած` ինկաւ Խորհրդային Միութեան լուծին տակ: «Եղբայրութիւն», «հաւասարութիւն», միայն ճառախօսներու կողմէ գործածուած բառեր էին: Ժողովուրդը ապրելու համար ստիպուեցաւ խնայողութեամբ գործածել սիմենթն ու երկաթը եւ խնայած նիւթերէն օգտուելով` փորձեցին բարեկեցիկէն ալ աւելի ցած մակարդակով ապրիլ: Բացայայտ է, թէ ինչո՛ւ բնակարաններուն մեծամասնութիւնը փուլ եկաւ` իր տակ առնելով հազարաւոր անմեղներ:
Քանի մը տարի հազիւ անցած այդ ահաւոր երկրաշարժէն` ընտանիքով արձակուրդի գացինք Հայաստան: Առաջին այցելութիւնս է: Առաջին անգամ ոտք կը դնեմ մայր հողին վրայ: Կ՛այցելենք Սպիտակ: Երկրաշարժէն ամէնէն աւելի վնասուած քաղաքը: Աչքերուս չեմ հաւատար: Քաղաքը բոլորովին կերպարանափոխուած է: Արդի քաղաք մըն է: Կ՛այցելենք հիւանդանոց մը, ուր երկրաշարժէն հաշմանդամ մնացած մեծ թիւով երեխաներ կ՛ապրին, եւ որոնց մեծամասնութեան ծնողները երկրաշարժի զոհ գացած են: Դարպասը կը բանայ սեւամորթ հիւանդապահուհի մը, եւ մենք բնազդաբար անգլերէնով կը հարցնենք, թէ այցելուներ կ՛ընդունի՞ն: «Դուք բարի եկաք, հազար բարի», մաքուր հայերէնով կը պատասխանէ ու մեզ կ՛առաջնորդէ ներս: Քանի մը տարուան մէջ արդէն «հայացած» է սեւամորթ անգլուհին: Ներսը` տեսարանը յուզիչ է: Կան մանուկներ, որոնք կորսնցուցած են իրենց երկու ոտքերը: Ուրիշներ` հոգեպէս ընկճուած, անկիւն մը քաշուած` մարդու չեն մօտենար: Սրտաճմլիկ տեսարան: Սպիտակի հիւանդանոցէն դուրս ելանք թաց աչքերով, անտրամադիր: Միայն մէկ բանով կ՛ուզենք մխիթարուիլ: Ամբողջ ցեղ մը Տէր Զօրի անապատներուն մէջ անօթի, ծարաւ, մահուան դիմադրեց խոտ ուտելով, սակայն հիմա սփիւռքի հայութիւնը մէկ մարդու նման թիկունք կանգնեցաւ իր հայրենակիցներուն: Չանտեսուեցան: Երեսի վրայ չձգուեցան: Անտէր չմնացին որբ մանուկները: Տէր Զօրի մէջ մոլորուած հայ մանուկներուն նման բռնի չիսլամացուեցան: Քիւրտերու մօտ իբրեւ ծառայ չգործածուեցան: Անմեղ հայուհիներ չբռնաբարուեցան:
Նշանաւոր հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր հոն է` դէպքին վայրը: Ազնաւուր եւ Ժորժ Կառվարենց միասնաբար կը յօրինեն «Pour Toi Armenie» հիանալի երգը: Ֆրանսա վերադարձին, ընկերակցութեամբ ֆրանսացի նշանաւոր երգիչ-երգչուհիներու, կը ձայնագրեն այդ գլուխ գործոց երգը: Քանի մը ամիս ետք նոյն երգին անգլերէն տարբերակը կ՛երգուի ամերիկացի երգիչ-երգչուհիներու կողմէ, «For you Armenia» եւ վերջապէս` Լոս Անճելըսի հայ արուեստագէտներն ալ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայերէն տարբերակով` «Քեզ համար Հայաստան»:
Ազնաւուրէն ետք Հայաստան կ՛այցելէ նշանաւոր երգչուհի-դերասանուհի Շեր, բուն անունով` Շերիլին Սարգիսեան, ապա` Մայք Քոննըրզ (բուն անունով Գրիգոր Օհանեան): Օտար հեռատեսիլի կայաններէն երկրաշարժէն աւելի կը խօսուի ծագումով նշանաւոր հայերու մասին: Ցեղասպանութիւն, երկրաշարժ, ամէն կողմ կը խօսուի հայութեան մասին: Հայութիւնը աշխարհին տուած է նշանաւոր գիտուններ, արուեսագէտներ, երգահաններ ու գիւտարարներ, որոնց հայ ինքնութիւնը բնաւ չէր յիշուած: Կը խօսուի Արամ Խաչատուրեանի, Ալեք Մանուկեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի ու Արման (Աւետիս) Զիլճեանի մասին, մինչ այդ` այս վերջինին հնարած նշանաւոր ծնծղաները կը գործածուին ամենանշանաւոր թմբկահարներու կողմէ, եւ վրան գրուած է Made in Turkey, պարզապէս որովհետեւ Զիլճեան թրքահպատակ մըն է եւ ծնծղաները կը պատրաստուին Թուրքիոյ մէջ: Բազմաթիւ իրականութիւններ ի յայտ եկան: «Ամէն չարիքէ բարիք մը կը ծնի», սակայն առանց այդ չարիքին կարելի չէ՞ր բարիք ծնիլ: Անշո՛ւշտ կարելի էր:
Քսանհինգ տարիներ արդէն անցած են այդ տխուր թուականէն: Դեկտեմբեր 7 մեր պատմութեան տխուր էջերուն մաս կազմած է, սակայն երկրաշարժէն քանի մը տարի հազիւ անցած` Հայաստան վերանկախացաւ: Կարծես կեանքի օրէնք դարձած է, ձմրան կը յաջորդէ գարունը: Կեանքը կը ծաղկի, հայ ժողովուրդը կը բարգաւաճի, անմեղ զոհերուն տեղ կը ծնին նորերը, եւ հայութիւնը հոգիով, սրտով, նիւթապէս եւ բարոյապէս տէր կը կանգնի մեր հայրենիքին ու կը կրկնէ.
«Քեզ Համար Հայաստան»:
Լոս Անճելըս 2013