ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԱՈՒՆ-ՀԸԶՊԱԼԼԱ-ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՅՔԱՐ-ՖՐԵՆԺԻԷ ԴԱՇԻՆՔԸ ՄԵԾ ՓՈՐՁԱՆՔԻ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ախպար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան յապաղումը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Հըզպալլայի, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ դաշինքը մեծ փորձանքի դէմ յանդիման դրած է:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց բարձրացուցած կարգախօսներով Լիբանանը կը մղեն քաղաքակրթութիւններու միջեւ պատերազմի մը, որովհետեւ այդ կարգախօսները ցեղապաշտական են եւ համայնքային թէ յարանուանական գրգռութիւններ կը հրահրեն:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ սէուտական-սուրիական առարկայական նախաձեռնութեան մերժումը մեզի հասցուցած է այս վիճակին եւ այնպիսի հանգրուանի մը, որուն ընթացքին ամերիկեան վարչակազմը ինք իր փափաքած ձեւով կը մեկնաբանէ այդ նախաձեռնութիւնը:

Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ կրցած են հմտութեամբ վնասազերծել Լիբանանեան – քանատական  դրամատան «ական»ը` աւելցնելով սակայն, որ տակաւին կը գտնուին Լիբանանի դէմ սպառնացող շարք մը այլ «ական»ներ:

Share this Article
CATEGORIES