ՊՔԵՐՔԷ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԿԸ ՓԱԿԷ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ` ՄԱՐՈՆԻ ՆՈՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԸ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պքերքէ իր դռները պիտի փակէ` սկսելու համար մարոնի համայնքի նոր պատրիարք մը ընտրելու առաքելութեան:

Միւս կողմէ, մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր հրաժարեալ պատրիարքը երէկ

Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ դռնփակ նիստի մը ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Սֆէյր պատրիարքը կը մնայ Լիբանանի խիղճը, որովհետեւ ան միշտ զօրակցած է արդարութեան, Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

Հարիրի աւելցուց, որ Սֆէյր պատրիարքը միշտ խորհուրդ ներշնչած եւ կորով տուած է իրեն` պայքարելու Լիբանանի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրներուն դէմ:

Հարիրի մաղթեց, որ Սֆէյր պատրիարքը մնայուն կերպով զիրենք յիշէ իր աղօթքներուն մէջ` աւելցնելով, որ այս մէկը պատրիարքին կատարուած վերջին այցելութիւնը չէ:

Այս ծիրին մէջ, Սֆէյր պատրիարք ունեցաւ նաեւ շարք մը այլ այցելուներ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանէն:

Share this Article
CATEGORIES