ՇԱՄԻ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՈՒՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Նախարար Շամի եւ Ուիլիըմզ

Հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամի Պուսթրոս պալատին մէջ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի ծովային սահմանագծում կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Ուիլիըմզ ընդգծեց Լիբանանի իրաւունքը` օգտուելու իր բնական հարստութիւններէն, որոնց շարքին նաեւ քարիւղէն:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին գործել Լիբանանի կառավարութեան հետ` ի խնդիր Լիբանանի տնտեսական բարգաւաճման:

Այլ գետնի վրայ, Ուիլիըմզ շեշտեց նաեւ Լիբանանը տարանջատուող ռումբերէն եւ ականներէն վնասազերծելու աշխատանքին կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Շամի հաստատեց, որ Լիբանան երկար ատենէ ի վեր կ՛աշխատի ապահովել այնպիսի փաստաթուղթեր, որոնք Լիբանանի ռազմավարական շահերը կ՛ամրապնդեն:

Միւս կողմէ, Շամի ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամէն պահանջեց, որ Նիւ Եորքի մէջ արաբական պատուիրակութիւնը արտակարգ նիստի մը հրաւիրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ համախոհութիւն գոյացնել` Լիպիան արգիլեալ գօտիի վերածելու որոշումին թեր քուէարկելու իմաստով:

Share this Article
CATEGORIES