ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ՄԵՆՔ ԿԸ ՀՊԱՐՏԱՆԱՆՔ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԶԷՆՔՈՎ, ՈՐ ՊԱՀՊԱՆԵՑ ՄԵՐ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերը:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց այն յայտարարութիւնները, որոնք կը վարկաբեկեն Դիմադրութեան զէնքը` թիրախ դարձնելով Լիբանանի ազգային սկզբունքները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ յարգանքը եւ ազգային համերաշխութիւնն ու համայնքներուն միջեւ տիրող գոյակցութեան հիմքերը:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ իրենք հպարտ կը զգան Դիմադրութեան զէնքով, որովհետեւ ան պահպանած է իրենց արժանապատուութիւնը:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ այսօր կը խօսուի միայն 7 մայիսին մասին` մոռացութեան մատնելով 5 մայիսը. ան շեշտեց, որ իրենք` իբրեւ քրիստոնեաներ, ոչ մէկ հարց ունին սիւննի եւ շիի յարանուանութիւններուն հետ եւ անոնց հետ կը վարուին նոյն եղանակով: «Մեր թշնամանքը Իսրայէլի դէմ է եւ ոչ թէ սիւննի համայնքին», ըսաւ զօր. Աուն` աւելցնելով, որ պէտք է վերջ տալ միջյարանուանական լարուածութիւն գրգռող փորձերուն: Ան նաեւ նշեց, որ 1990-էն ի վեր Լիբանանի իշխող քաղաքական կողմը ոչինչ կատարած է, իսկ այդ կողմը եւ քաղաքական այդ դպրոցը ներկայացնող երեսփոխաններուն երեք քառորդը պէտք է հրաժարին իրենց պաշտօններէն` իրենց մորթին վրայ զգալէ ետք «Ուիքիլիքս»ի բացայայտումներուն պատճառած ցաւը:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ քաղաքական հակառակորդ ուժերը դրամը կ՛օգտագործեն իբրեւ կաշառք, իսկ տեղեկատուութեան մարզը` քանդելու համար այլոց պատկերը: «Արդեօք նման պատասխանատուներ արժանի՞ են երկիր կառավարելու», հարց տուաւ ան:
Կառավարութեան կազմութեան առումով զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք ոչ մէկ հարց ունին, եթէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը փափաքի յաւելեալ ժամանակ առնել` կառավարութիւնը կազմելու համար:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ իրենք Միքաթիին չեն առաջարկած այնպիսի անուններ, որոնք կ՛ամչցնեն զինք, եւ ոչ ալ առաջարկած են անուններ, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն: «Մենք մեր չափանիշները ունինք մեր նախարարները ընտրելու առումով», յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը` աւելցնելով, որ ինք չէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակողը:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերուն յայտարարութիւնները մերժելի են եւ սրտխառնուք պատճառող: «Մենք աճապարուած չենք կառավարութեան կազմութեան իմաստով եւ մեր նախարարութիւններուն մէջ պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը, որովհետեւ երբեք պատրաստ չենք ապահովելու փտածութեան շարունակութիւնը», ընդգծեց զօր. Աուն: