«Պայան» Մրցանքի Ծիրին Մէջ. «Կոկիկեան» Հիմնարկը Պատուեց Հայկական Վարժարաններու Արաբերէն Լեզուի Փայլուն Ուսանողները

Goguikian1

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, երէկ` ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազեան համալսարանի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արաբերէն լեզուի փայլուն ուսանողներու «Պայան» մրցանակաբաշխումը:

Պետական, պաշտօնական, ակադեմական անձնաւորութիւններու, դասախօսներու, ուսանողներու եւ անոնց ծնողներուն ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սուհէյլա Հայեք ողջունեց ներկաները եւ արաբերէն լեզուով շեշտեց արաբական շրջանակին հետ շաղուելու կենսականութիւնը: Բացատրելէ ետք սոյն ձեռնարկին նպատակը` Սուհէյլա Հայեք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն ու յատկապէս հայկական վարժարաններու արաբերէն լեզուի ուսուցիչներուն` մի առ մի թուելէ ետք մասնակից վարժարաններու արաբերէնի ուսուցիչներուն անունները: Ապա Հայեք բեմ հրաւիրեց «Միւրեքս Տոր»-ի մրցանակակիր, պատկերասփիւռի հաղորդավար Մարսել Ղանեմը:

Մարսել Ղանեմ

Մարսել Ղանեմ

Ղանեմ արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ինք նախապէս հարց կու տար, թէ ինչո՛ւ երկու հայ երբ քով-քովի գան հայերէն կը խօսին ոչ հայ շրջանակի մէջ` աւելցնելով, որ աւելի ուշ անդրադարձած է, թէ որքան կարեւոր է մայրենի լեզուի, մշակոյթի եւ աւանդութեանց պահպանումը:

Ղանեմ այս առիթով դրուատեց լիբանանահայերու աշխատասիրութիւնը, կամքը եւ գոյատեւելու վճռակամութիւնը: Մարսել Ղանեմ խիստ բարձր գնահատեց հայերու յարատեւ ճիգը` անցեալի մշակութային աւանդը պահելու, հպարտանալու եւ միաժամանակ ըլլալու լաւ քաղաքացիներ:

«Բոլորս հաւասար ենք, ունինք նոյն իրաւունքները, նոյն պարտաւորութիւնները եւ օրինակ պիտի ըլլանք բոլորին», ընդգծեց Ղանեմ: Ան շեշտեց, որ նոր լեզու սորվիլը նոր հորիզոն բանալ է, նոր ուղի, նոր կեանք, նոր հասկացողութիւն: «Լեզուն գանձ մըն է, զոր պէտք է պահենք եւ անոր գուրգուրանք», շեշտեց Ղանեմ` վեր առնելով հայու ճիգը` միաժամանակ արաբերէն լեզուն սորվելու գծով: Այս առիթով ան վերյիշեց ու խոր ակնածանքով անդրադարձաւ հանգուցեալ նախարար Խաչիկ Պապիկեանի արժանիքներուն, անոր յատկապէս արաբերէն խօսակցութիւնը նկարագրելով իբրեւ «գրաւիչ ու հմայող»:

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ 2012-ի «Պայան»-ի մրցանակակիր Սանտրա Չէօլմեքեան` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որուն համար անկարելի բան չկայ, հպարտ եմ մրցանակովս, սակայն ատենն է, որ փոխանցեմ զայն այս տարուան մրցանակակիրին»:

Ապա Կոկիկեան հիմնարկի անձնակազմէն Արազ Նաշալեան բեմ հրաւիրեց արաբերէն լեզուի բարձրագոյն միջին ապահոված 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու ուսանողները` յատուկ յուշանուէրներով յարգելով զանոնք:

Իսկ դատական կազմի անդամներուն` տոքթ. Ժան Սալմանեանի (Հայկազեան համալսարան), տոքթ. Անթուան Ապտոյի (Էլ. Էյ. Եու.), Սամիա Պու Աքլի դատողութեամբ, «Պայան»-ի 2013-ի մրցանակակիր ուսանողներն էին.

Առաջին մրցանակակիր Քրիստին Ճիպելեան (Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց երկրորդական վարժարան):

Երկրորդ մրցանակակիրներ` Սալբի Կանիմեան (Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան) եւ Ժոզեֆ Շատարեւեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան)

Երրորդ մրցանակակիր` Ժերար Աուն (Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան):

Ապա առաջին մրցանակակիր Քրիստին Ճիպէլեան ընթերցեց իր շարադրութիւնը, իսկ Հռիփսիմեանցի տնօրէն քոյր Արմինէ Մարկարոսեան ստանձնեց «Պայան»-ի մրցանակը:

Իբրեւ յարգանքի յատուկ արտայայտութիւն` բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն Միշել Կոկիկեանի մայրը` Ֆլաւի Կոկիկեան, որպէսզի փայլուն ուսանողներուն յանձնէ մրցանակները:

Այս առիթով դաշնակի վրայ Ֆէյրուզի երգերէն միաժամանակ նուագեց ու մեներգեց Հայկազեանի ուսանողներէն Նանօր Մաճառեան: Օրուան հանդիսավարն էր Արամ Գարատաղլեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES