Ճատրակ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

chess1024x768Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Ապու Տապի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մեկնեցաւ Լիբանանի ճատրակի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 8-16 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Արաբական ճատրակի ախոյեանութեան:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի, իսկ խաղացողներն են Իպրահիմ Շահրուր եւ Մայա Ժալլուլ:

14 դեկտեմբերին Ապու Տապի կը մեկնի նաեւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըր` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արաբական ճատրակի ֆետերասիոնին ժողովներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )