Նելսըն Մանտելա Կնքեց Իր Մահկանացուն

Նելսըն Մանտելա

Նելսըն Մանտելա

Հարաւային Ափրիկէի գործող նախագահ Ճէյքըպ Զումա յայտնեց, որ 95 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ Նելսըն Մանտելա:

Նախագահը ըսաւ, որ Մանտելայի մահուան պատճառով մինչեւ անոր յուղարկաւորութիւնը երկրին մէջ վար պիտի առնուին պետական բոլոր դրօշները: Զումա նշեց, որ Մանտելա մահացած է թոքերու երկարատեւ հիւանդութենէ ետք` Ճոհաննեսպուրկի իր տան մէջ, ուր հաւաքուած եղած են անոր բոլոր հարազատներն ու բարեկամները:

Լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ նախկին ղեկավարի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ անոր ծննդավայր Քունու գիւղին մէջ: Կը նշուի, որ Մանտելայի հոգեհանգիստը պիտի կատարուի Ճոհաննեսպուրկի մարզադաշտին մէջ:

Մանտելա Հարաւային Ափրիկէի պատմութեան մէջ առաջին սեւամորթ նախագահն էր եւ երկիրը ղեկավարած էր 1994-էն 1999: Ան երիտասարդ տարիներուն ցեղապաշտական վարչակարգին դէմ ծաւալած է աշխուժ գործունէութիւն, որուն համար ալ 27 տարի բանտարկուած մնացած է:

1993-ին Մանտելա դարձաւ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակակիր:

Նախագահ Զումա երէկ յայտարարեց, որ Մանտելայի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15 դեկտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES