Գամիշլիի Մէջ Ականուած Ինքնաշարժի Պայթում
Սուրիական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «ահաբեկիչներ» Գամիշլիի Թահի թաղամասին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցուցած են, ինչ որ զոհեր եւ նիւթական վնասներ պատճառած է: Սուրիացի գործիչներ իրենց կարգին յայտնեցին, որ Գամիշլիի մէջ Սուրիական ազգային պաշտպանութեան կեդրոնատեղիին մօտ ականուած ինքնաշարժի պայթումը զոհեր պատճառած է:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նախնական տուեալներով անձնասպանական գործողութիւնը պատճառած է 6 զոհ եւ 10 վիրաւոր, ներառեալ` կիներ ու մանուկներ:
Միւս կողմէ, Ահրար Քալամուն փաղանգները ստանձնեցին Մաալուլայէն մայրապետներու առեւանգման պատասխանատուութիւնը: Անոնք յայտնեցին, որ մայրապետները ապահով վայրի մը մէջ կը գտնուին, սակայն ազատ պիտի արձակուին միայն շարք մը պահանջներու բաւարարումէն ետք, որոնց գլխաւորը սուրիական վարչակարգի բանտերուն մէջ գտնուող հազար սուրիացի կին բանտարկեալներու ազատ արձակումն է:
Ահրար Քալամունի բանբեր Ապու Ֆիտա «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ իրենց պահանջները Վատիկանի ճամբով փոխանցուած են վարչակարգին` աւելցնելով, որ այդ պահանջները Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ահրար Քալամունի միացեալ պահանջներն են:
Քրեմլինի մօտիկ ռուսական քաղաքական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին մեծ գոհունակութիւն յայտնեցին սէուտական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Պանտար պըն Սուլթանի` ռուս պաշտօնատարներու հետ կատարած քննարկումներուն պարունակութեան առնչութեամբ: Պանտար պըն Սուլթան իշխանին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ 3:30 ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Միջին Արեւելքի բոլոր թղթածրարները, եւ իւրաքանչիւր կողմ այդ թղթածրարներուն վերաբերեալ իր տեսակէտը յայտնած է:
Եգիպտական թղթածրարին շուրջ տեսակէտները համահունչ եղած են եւ Սէուտական Արաբիա Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ ստանձնած է եգիպտական բանակին 3 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքերու համաձայնութեան ծախսերը:
Փութինի հետ դռնփակ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են սուրիական թղթածրարի բոլոր մանրամասնութիւնները: Իշխանը ընդգծած է, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական ծայրայեղական խմբակներուն որեւէ աջակցութիւն չի ցուցաբերեր, այլ արաբական եւ շրջանային այլ կողմեր այդ աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն: Պանտար պըն Սուլթան վերահաստատած է ապագայ Սուրիոյ մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի որեւէ դերակատարութիւն մերժող Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը:

