Թրիփոլիի Մէջ Հանդարտութիւնը Վերահաստատուած Է

tripoli_army6122013Նախանցեալ օր Թրիփոլիի Թըպպանէ շրջանին մէջ արձանագրուած էր զինեալ բախում մը` Թըպպանէի զինեալներուն եւ բանակին միջեւ, երբ բանակը փորձած էր մուտք գործել այդ շրջանը:

Զինեալ բախումին պատճառով զոհուած էր բանակի զինուորներէն մէկը:

Այս բախումներուն պատճառով Թըպպանէի, Քըպպէի եւ Թրիփոլիի այլ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր: Այդ ցոյցերուն շարունակութիւնը պիտի կատարուէր երէկ` ուրբաթ օրուան նամազէն ետք, կազմակերպութեամբ սալաֆական շարժումին:

Լիբանանի մէջ սալաֆական շարժումի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ շէյխ Շահհալ երէկ յետաձգեց բողոքի նստացոյցը:

Շահհալ յայտնեց, որ բանակը կը մղէ, որ Թըպպանէի բնակիչները ընդվզին, եւ ան կողմնակալութիւն կը կատարէ` թիրախ դարձնելով մօրուքաւոր անձերը:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ռիֆաաթ Ալի Իտ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումներուն վերջին փուլը իրենց դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն պատճառով չէ բռնկած` աւելցնելով, որ ոմանք Թրիփոլիի մէջ սադրանքներ կ՛ուզեն նախապատրաստել:

Միւս կողմէ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ շեշտեց, որ օր մը օրանց Ժապալ Մըհսենէն դէպի Պապ Թըպպանէ արձակազինութիւն չէ կատարուած` նկատել տալով միաժամանակ, որ արձակազինութիւնը մնայուն կերպով կը կատարուի Պապ Թըպպանէի կողմէ դէպի Ժապալ Մըհսեն:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին զգուշացուց Թրիփոլիի մէջ բանակը առանձին ձգելէ, առանց անոր քաղաքական ամբողջական հովանաւորութիւն տրամադրելու, որպէսզի անիկա կարենայ իր պարտականութիւնը լիովին կատարել եւ երաշխաւորել քաղաքին ապահովական կայունութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )