Տաւութօղլու 12 Դեկտեմբերին Պիտի Այցելէ Հայաստան
«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Հայաստան: Ան ընդունած է 12 դեկտեմբերին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան նիստին մասնակցելու պաշտօնական Երեւանի հրաւէրը:
«Թուրքիա կազմակերպութեան հիմնադիր անդամներէն մէկն է: Անոր կեդրոնը կը գտնուի Պոլսոյ մէջ, ուր իր ներկայացուցիչը ունի նաեւ կառոյցին անդամակցող Հայաստան: Ես ստացայ հրաւէրը եւ նախագահին հետ խորհրդակցելէ ետք որոշեցի զայն ընդունիլ», յայտարարած է Տաւութօղլու:
Յիշեցնենք, որ նախապէս թրքական որոշ լրատուամիջոցներ` վկայակոչելով հաւաստի աղբիւրներ, հաղորդած էին, որ Տաւութօղլու Հայաստան պիտի գայ միայն այն պարագային, երբ Հայաստան յայտարարէ ազատագրուած երկու շրջաններէ հեռացման մասին:
CATEGORIES Հայկական

