Սահմանադրական Դատարանին Միջնորդութիւն Պիտի Ներկայացուի` Պարտադիր Կուտակային Կենսաթոշակային Համակարգի Կիրարկումը Կասեցնելու Մասին

Arcvik-MinasyanԵրէկ ամփոփելով հինգերորդ գումարման խորհրդարանի չորրորդ նստաշրջանը, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան առաւելաբար խօսեցաւ «Կազփրոմ»-ին «Հայռուսկազարդ»-ի մասնաբաժինի վաճառքին մասին: Ան յայտնեց, որ այդ գործարքին մէջ բազմաթիւ լուրջ հարցեր տակաւին անպատասխան են եւ կառավարութիւնը տակաւին պիտի տայ այն հարցերուն պատասխանները, թէ ուրկէ՞ այդ պարտքը գոյացած է, ինչո՞ւ պատգամաւորներն ու հասարակութիւնը տեղեակ չէին, տեղեակ չէին այդ պարտքէն, համարժէ՞ք էր գործարքը, ի վերջոյ, հանրութեան համար իբրեւ արդիւնք կազը պիտի աժաննա՞յ, թէ՞ ոչ:

Անդրադառնալով 1 յունուար 2014-ին պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի կիրարկման հարցին` Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ արդէն յաջորդ շաբթուան ընթացքին իրենք դիմումը պիտի ներկայացնեն Սահմանադրական դատարան եւ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի մասնակցութեամբ Սահմանադրական դատարանի մէջ պիտի կատարուի արդիւնաւէտ քննարկում: ՀՅԴ պատգամաւորը յայտնեց, որ իրենք Սահմանադրական դատարան պիտի ներկայացնեն նաեւ միջնորդութիւն` օրէնքի գործարկումը կասեցնելու վերաբերեալ:

Միջնորդութեան բաւարարման պարագային Սահմանադրական դատարանին մէջ այս հարցին շուրջ քննարկումները կրնան տեղափոխուիլ նաեւ յաջորդ տարի: Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ կառավարութիւնը, «Կուտակային կենսաթոշակներու օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրինագիծը ներկայացնելով Ազգային ժողով, ապացուցեց, որ ինքն ալ պատրաստ չէ այս համակարգի գործադրման, եւ համաձայնեցաւ լրագրողներու այն հարցում-դիտարկումներուն հետ, որ թերեւս այդպիսով կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ համակարգի կիրարկման յետաձգումը:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի 12 դեկտեմբերին Հայաստան կատարելիք այցելութեան` Արծուիկ Մինասեան կասկած յայտնեց յառաջընթացի վերաբերեալ: «Եթէ հետեւինք պաշտօնական Անգարայի յայտարարութիւններուն, ապա Թուրքիա նախապայմաններու լեզուով խօսելու ոճէն նահանջ չէ արձանագրած` սկսեալ Լեռնային Ղարաբաղի գործով իր աշխուժ դերակատարումէն մինչեւ Ցեղասպանութեան ժխտում: Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ պէտք է օգտագործել որեւէ միջոց, որպէսզի պարտադրուի Թուրքիոյ, որ առանց նախապայմաններու համակարգը գործէ ամբողջութեամբ, այլ ոչ ձեւականօրէն: Այցելութեան մէջ կայ քաղաքական ենթահող` իբրեւ թէ Թուրքիա պատրաստ է յարաբերելու իր դրացիներուն հետ, բայց մենք կը տեսնենք, որ տակաւին կը խօսին նախապայմաններու լեզուով», նշեց Արծուիկ Մինասեան` աւելցնելով, որ պաշտօնական Երեւան գիտակցեցաւ, որ Հայաստան – Թուրքիա  արձանագրութիւնները չէին համապատասխաներ Հայաստանի ռազմավարական նպատակներուն:

Ըստ անոր, եթէ Հայաստան յետս չկոչէ իր ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն, Թուրքիա կրնայ անոր հետ խաղալ: «Դժբախտաբար, մենք նաեւ գաղափարական հէնք չունինք, այդ է պատճառը, որ մէկ կ՛ուղղուինք դէպի Եւրոպական Միութիւն, մէկ ալ` դէպի Մաքսային միութիւն», ըսաւ պատգամաւորը:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ Հայաստան իր ստորագրութիւնը յետս չի կոչեր, Մինասեան խորհուրդ տուաւ հարցնել իշխանութիւններուն:

Ինչ կը վերաբերի Փութինի այցելութեան, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, տնտեսական եւ զինուորական անվտանգութեան առումով, այդ այցելութիւնը շարք մը համաձայնագիրներու հարցը պէտք է լուծէր, ինչպէս նաեւ պէտք է ցոյց տար շրջանին մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը:

Լրագրողները նաեւ հարց տուին, թէ Մինասեան ինչպէ՞ս կը գնահատէ Փութինի այցելութեան օրը ոստիկանութեան գործողութիւնները եւ ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը բողոքի ցոյցերուն չի մասնակցիր:

«Իւրաքանչիւրին իրաւունքն է մասնակցիլ բողոքի ցոյցերուն: Իբրեւ Դաշնակցութիւն` այդ ցոյցերը չենք կազմակերպած` քաջ գիտակցելով, որ Փութինի այցելութիւնը կապուած է Հայաստանի հետ անվտանգութեան համաձայնագիրներու հետ: Ինչ կը վերաբերի ոստիկանութեան գործողութիւններուն, եթէ համեմատելու ըլլանք այլ երկիրներու ոստիկանութեան հետ, մեր ոստիկանութիւնը աւելի քաղաքակիրթ եղած է: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ բոլոր ոստիկանները համաչափ գործած են: Ինծի համար անհասկնալի է փոքրաթիւ քաղաքացիներու դիմաց մեծաթիւ ոստիկաններու ներկայութիւնը` քաղաքացիական կարգուկանոնի պահպանման անուան տակ: Օրինակ` տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի քաղաքացիները բարձր մտաւորական մարդիկ են, անոնցմէ որեւէ յարձակողական պահուածք չի սպասուիր, բայց ոստիկանները անոնցմէ աւելի կը հաւաքուին բողոքի ցոյցերուն ժամանակ: Ատիկա անհասկնալի է», ըսաւ Մինասեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )