Ռուսիա Յոյս Ունի, Որ Ազրպէյճան Անդամակցի Մաքսային Միութեան

Լէոնիտ Սլուցքի
«Ռոսպլաթ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան, եւրոպական համարկման եւ քաղաքացիներու հետ կապերու գծով յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքի յայտարարած է, որ Ռուսիա յոյս ունի, որ Ազրպէյճան անդամակցի Մաքսային միութեան:
Սլուցքի նշած է, որ Ազրպէյճան յաջողած է բարդ պայմաններու մէջ աճ արձանագրել իր տնտեսութեան մէջ եւ դառնալ ուժանիւթային տեսանկիւնէն անկախ պետութիւն: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ազրպէյճան միանայ Մաքսային միութեան, սակայն աւելի ուշ, երբ ազրպէյճանական կառավարութիւնը հասկնայ միութեան անդամակցելու դրական արդիւնքները:
Սլուցքի նաեւ յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճանի որոշումներու որդեգրման հոլովոյթին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը:
CATEGORIES Հայկական