Միքայի Պրազիլցի Ֆութպոլիստը Վերադարձաւ Հայրենիք

EdilsonJuniorՊրազիլցի միջնապահ Էտիլսոն Ժունիոր, որուն պայմանագրութիւնը Միքայի հետ աւարտեցաւ 1 դեկտեմբերին, վերադարձաւ հայրենիք, յայտնեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը` իր լուրը քաղելով ակումբին մամլոյ քարտուղարութենէն:

26 տարեկան Ժունիոր այս տարեշրջանին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 11 մրցումի ընթացքին:

Նշենք, որ ան 2010-ին եւս մաս կազմած էր Միքայի եւ 26 մրցումի ընթացքին նշանակած 6 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )