Էլի Ռըսթոմ Երեք Տարի Եւս Պիտի Մնայ Սաժեսի Հետ

restom6122013Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Սաժես պասքեթպոլի ակումբին նորընտիր վարչութիւնը «Ռիփապլիք» ճաշարանին մէջ (Ամարեթ Շալհուպ), ունեցաւ խորհրդակցական ժողով-հանդիպում մը, որուն ներկայ եղան Սաժեսի նոր նախագահ Նետիմ Հըքայեմ, ընդհանուր քարտուղար Ժոզեֆ Ապտել Մասիհ, պասքեթպոլի յանձնախումբի նախագահ Էլի Մըշանթաֆ եւ մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրա:

Այս ժողով-հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ ակումբին մարզիկներէն Էլի Ռըսթոմ եւ անոր գործակատարը` Փոլ Աթալլա:

Աւարտին յայտարարուեցաւ, որ Էլի Ռըսթոմ երեք տարուան նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «կանաչներուն» հետ, այսպիսով վերջ մը դնելով շրջան ընող այն լուրերուն, թէ պիտի հեռանայ Սաժեսէն:

Share this Article
CATEGORIES