Տորթմունտ Ձմեռնային Արձակուրդին Նոր Ֆութպոլիստներ Պիտի Չմիացնէ Իր Կազմին
Պորուսիա Տորթմունտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ձմեռնային արձակուրդին ընթացքին, երբ մարզիկներու փոխանցումները վերսկսին, նոր ֆութպոլիստներ պիտի չմիանան կազմին:
Իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին, ակումբի մարզիչ Եիւրկըն Քլոպ ըսաւ. «Բնականաբար վիրաւոր մարզիկներ ունինք, բայց միայն Սուփոտիչի համար տարեշրջանը աւարտած է: Մնացեալները այս տարեշրջանին պիտի տեսնուին դաշտերուն վրայ: Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով կու գամ ըսելու, որ գոհ եմ բոլոր մարզիկներէս, եւ մարզիկներու փոխանցումներով պիտի չզբաղինք այդ ժամանակամիջոցին»:
CATEGORIES Մարզական