Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր հարցերը մէկիկ-մէկիկ լուծելու հետամուտ եղէք, այդպէս աւելի դիւրին կ՛ըլլայ: Բոլոր խնդիրները մէկ անգամով չեն կարգադրուիր:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ խնդիրներ ունիք կարգադրելիք, դիմեցէք փորձառու անձերու խորհուրդին: Հարցերը մի առ մի քննարկեցէք, որպէսզի յստակ տեսնէք ամէն ինչ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի ձեր ձեռքին մէջ ունիք բոլոր քարտերը: Կատարեցէք ըստ ձեր դատողութեան եւ համոզումին: Ձեր տրամաբանութիւնը ճիշդ է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օգնեցէք կարիքաւոր անձի մը` առանց անկէ բան մը ակնկալելու: Եթէ այդ է ձեր նպատակը, կրնաք ունենալ հոգեկան գոհունակութիւն եւ մնալ հանգիստ խղճով:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ինչ բանի որ ձեռնարկէք, պիտի յաջողիք: Մանաւանդ ձեր տնտեսական վիճակը պիտի բարձրանայ: Շարունակեցէք ձեր ընթացքը` առանց մտահոգութեան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հսկեցէք դրամական ձեր շահերուն, առեւտուրին: Խորհրդակցեցէք ձեր դրամատան պատասխանատուին հետ: Ոչինչ ձգեցէք պատահականութեան:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գործօն դեր ունիք, աշխատանքը կը զարգանայ: Ձեր իրագործումները արդիւնաւէտ պիտի ըլլան: Շարունակեցէք նոյն ձեւով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մարզական գործունէութիւն մը կրնաք ունենալ խումբի մը հետ, ինչ որ կրնայ բարելաւել ձեր ֆիզիքական բարեձեւութիւնը, կ՛օգնէ ձեր առողջութեան:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ունիք հարց մը, զոր չէք կրնար լուծել, դիմեցէք տարեց, փորձառու անձի մը, որ անկեղծօրէն կրնայ գոհացում տալ ձեր փնտռտուքին:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)»
Ինքնավստահ եղէք, ձեր օգնութիւնը առաջարկեցէք անձի մը, եթէ վստահ էք ձեր ուժին եւ ձեր կարողութեան: Օրը յաջող պիտի ըլլայ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ գործունէութիւն պիտի ունենաք, պիտի արժանանաք գնահատանքի, պիտի ունենաք նիւթական եւ բարոյական վարձատրութիւն: Ունիք այցելուներ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ի՛նչ պարագայի մէջ ալ ըլլաք, ի՛նչ ալ պատահի, լաւագոյն հակազդեցութիւնը ժպտիլն է, որով կը մոռնաք ամէն անպատեհութիւն: Կը շահիք:

Share this Article
CATEGORIES