50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1963)
Տոմսեր
Ճշմարիտ Մեծութիւնը
Բազմաթիւ ժողովուրդներու խառնուրդով ամերիկեան ազգի մը կազմութիւնը, Նոր Աշխարհի մէջ, պատմութեան ամէնէն ինքնատիպ վարձատրութիւնն էր, որուն հետաքրքրութեամբ հետեւած են աշխարհի բոլոր կողմերէն, նոր գաղափարներու իրագործման ջատագով առաջնորդներ:
Մարդոց իրաւունքներու հաւասարութեան պաշտպանութիւնը, ապա Եւրոպայի ազնուապետական իշխանութեանց հարկադրաբար ժողովրդավար եւ ազատ կարգեր հաստատելու նպատակը ոգեւորիչ երազ մըն էր այս երկրի ղեկավարներուն համար:
Սենթ Փեթերսպուրկ` ցարական Ռուսիոյ արքունիքը հասնող ամերիկեան առաջին դեսպանը, պաշտօնական ընդունելութեանց կը մասնակցէր սեւ, պարզ զգեստով մը, զոր հեգնելու համար Եւրոպայի կայսերական երկրի մը ներկայացուցիչը, շողշողուն համազգեստ հագած, կ՛ըսէր դեսպանին.
– Ինչո՞ւ այսպէս մեռելաթաղի մը պէս սեւ հագուեր էք…
– Այո, մեռելաթաղ եմ, միապետութեա՛ն մելեռաթաղը, կը պատասխանէ ամերիկեան դեսպանը` գլուխը բարձրացնելով:
Նախագահ Աբրահամ Լինքըն ամերիկեան ու նաեւ համաշխարհային իմաստով պատմական դեր մը կատարած էր` ժողովրդավար երկրին միութիւնն ու մեծութիւնը պահպանելով քաղաքացիական պատերազմի, արեան եւ թշուառութեան գնով իսկ:
Կարմիր բռնակալութեան դէմ ազատ աշխարհի կողմէ մղուած պայքարի այս օրերուն անհրաժեշտ է դարձեալ լսել իր պատգամը. «Իրաւունքը ուժ կը ստեղծէ»: Այս սկզբունքը ան պահպանեց մինչեւ իր կեանքի վախճանը, ժողովուրդէն ընտրուած եւ ժողովրդական կառավարութիւն մը պահպանելու համար ի շահ ժողովուրդին:
«Իրաւունքը ո՜ւժ կը ստեղծէ, եւ հաւատքո՛վ հետապնդենք մեր իրաւունքը, կը շեշտէր Լինքըն` խօսքը ուղղելով, կարծես բոլոր ժամանակներու անիրաւուածներուն եւ արդարութեան ակնկալու ժողովուրդներուն:
***
Այս մեծ մտածողն ու առաջնորդը բնական զօրաւոր հակում մը ունեցած է նաեւ դէպի ժողովրդային զուարթամտութիւնը:
Օր մը, երբ Փիցպըրկէն կ՛անցնէր, կը լսէ հանքագործի մը աղաղակը. «Այս մարդը (նախագահը) ինձմէ բարձր չէ հասակով»…
Լինքըն կը լսէ եւ կը յօժարի չափել իրենց հասակները: Նախագահ եւ հանքագործ կողք կողքի կը կենան, նոյն պատուանդանին վրայ, չափուելու համար:
Համայնավար Չինաստանի մէջ, համագործակցական ագարակի մը հողագործներէն մէկը բժիշկի ներկայանալով կ՛ըսէ.
– Ընկեր տոքթո՛ր, սարսափելի գլխացաւ ունիմ, ի՞նչ պէտք է ընեմ,
– Գիշերը պէտք չէ ուշ մնաս, պէտք է կանուխ պառկիս, հաւերուն հետ,- կը պատասխանէ բժիշկը:
– Ատիկա շատ դժուար դեղ է, ընկեր տոքթոր:
– Ինչո՞ւ:
– Որովհետեւ 3 տարի է, որ մեր ագարակին մէջ հաւ չունինք, տոքթոր:
Ժողովրդական նախագահը, որ հոգիով ազնուական ծնած էր, չէր ուզեր վիրաւորել ժողովուրդի խոնարհ զաւկին միամտութիւնը: Եւ այս խոնարհութեան մէջ` անշուշտ կը բարձրանար իր մեծ անշուշտ կը բարձրանար իր մեծութիւնը…
ԳԻՍԱՒՈՐ
Խորէն Ա.-ի Կարեւոր
Յայտարարութիւնները
Երէկ, ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 1963, մասնաւոր ժամադրութեամբ, Ֆրանսայի ձայնասփիւռ պատկերասփիւռի Միջին Արեւելքի տնօրէնը Անթիլիաս երթալով` տեսակցութիւն մը ունեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսին հետ եւ վեհին կարծիքը առաւ Պօղոս Զ. պապին Երուսաղէմ ուխտագնացութեան առիթով:
Տրուած հարցումին վեհափառին ֆրանսերէն լեզուով տուած պատասխանը ձայնագիր մեքենայի առնուեցաւ իր ձայնով ձայնասփռուելու համար Լիբանանի եւ Ֆրանսայի ձայնասփիւռներէն:
«Որպէս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ` բոլորանուէր սրտով ուրախացանք յառաջիկայ յունուարին Պօղոս Զ. պապին Երուսաղէմ այցելութեան լուրով:
«Եւ արդարեւ, այս երեւոյթը քրիստոնէական եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մէջ աննախընթաց թուական մը պիտի ըլլայ:
«Երուսաղէմը իտէալ միջավայրն է կրօնական պետերու իրարու հանդիպման:
«Սրբավայրերուն մէջն է, որ մենք ուղղակիօրէն հաղորդակից կ՛ըլլանք ուղիղ եւ ամուր կերպով մեր Տիրոջ, Յիսուս- Քրիստոսի, որ ճշմարիտ պետն է, ճշմարիտ հիմքը` Եկեղեցւոյ եւ կեդրոնը` մեր միութեան:
«Երբ կը քալենք Սուրբ Տեղեաց մէջ, կը զգանք, որ կը հետեւինք մեր Տիրոջ քայլերուն: Կը զգանք, թէ մենք իր նուիրեալ սպասարկուներն ենք:
«Եւ պէտք չէ մտահան ընել, որ միութեան համար ուրիշ ճամբայ չկայ, քան այն ճամբան, որ մեզ կ՛առաջորդէ մեր Փրկչին:
«Այս մտածուով է, որ մեծ ուրախութեամբ կ՛ղջունենք Երուսաղէմ յառաջիկայ այցելութիւնը Պօղոս Զ. պապին»:
Դամասկահայ Ազգայիններ
Վեհափառ Կաթողիկոսին Մօտ
Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ, երէկ, ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 1963, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, դամասկահայ խումբ մը երեւելի ազգայիններ, գլխաւորութեամբ Շաւարշ եպս. Գույումճեանի, Անթիլիաս եկան:
Նախ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի թարմ հողակոյտին վրայ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին, իսկ Շաւարշ աղօթեց հանգուցեալ հայրապետի հոգւոյն խաղաղութեան համար:
Ապա բարձրացան վեհարան եւ աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեցին Խորէն Ա. կաթողիկոսին:
Մօտ կէս ժամ սիրալիր խօսակցութենէ եւ հիւրասիրութենէ ետք այցելուները մեկնեցան կաթողիկոսարանէն գոհ տրամադրութեամբ: