Կրթական Նիւթեր. Դասարանին Վերջինը Կամ Առաջինը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻՆ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ, ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ  ԿԱՐԴԱԼՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵՆ: ԱՆՑԵԱԼ ՇԱԲԱԹ 2012-Ի ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼՈՎ` ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐԸ Կ՛ԵԶՐԱԿԱՑՆԵՆ, ԹԷ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԵՆ` ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ՄԷՋ: ԹԷԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ ԿԸ ՎԻՃԻՆ, ԹԷ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՑՈՅՑ ՉԻ ՏԱՐ ԵՐԿՐԻ ՄԸ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱՐՉԻՆ ՀԱՐԱԶԱՏ ՊԱՏԿԵՐԸ, ՍԱԿԱՅՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ Է, ԹԷ ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԵՍԵԼ ԶԱՆՈՆՔ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԵՒ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԵՐԸ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐԸ` ԿԵԴՐՈՆԱՆԱԼՈՎ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ՎՐԱՅ:

985pisa

Վերջին 3 տարիներուն կարդալու եւ ուսողութեան մակարդակները ոչ մէկ բարելաւում արձանագրած են Բրիտանիոյ մէջ: Այլ խօսքով, այժմ 15 տարեկան բրիտանացիներ ուսողութեան մէջ 3 տարիով ետ կը մնան աշխարհի կրթական լաւագոյն համակարգով հպարտացող Շանկհայէն:

Այս է եզրակացութիւնը կրթական միջազգային մակարդակները չափող ՓԻՍԱ-ի 2012-ի քննութիւններուն, որոնք կատարուած են 65 տարբեր երկիրներու մէջ` չափելու համար 15 տարեկան պատանիներու կարդալու, ուսողութեան եւ գիտութեան մակարդակը: Ասիկա մտածել կու տայ, թէ կրթական մարզին մէջ մեծ գումարներու շահարկումը որեւէ արդիւնք չէ տուած Բրիտանիոյ մէջ:

Կարդալու Մէջ Առաջնակարգ

1. Շանկհայ 570
2. Հոնկ Քոնկ 545
3. Սինկափուր 542
4. Ճափոն 538
5. Հարաւային Քորէա 536
6. Ֆինլանտա 524
7. Իրլանտա 523
8. Թայուան  523
9. Քանատա 523
10. Լեհաստան 518
Աղբիւր` «Օ. Ի. Սի. Տի.»:

Բրիտանիա ուսողութեան մէջ կը գրաւէ 26-րդ դիրք, կարդալու մէջ` 23-րդ եւ գիտութեան մէջ` 20-րդ: Երկրին դիրքը յատկանշանականօրէն գրեթէ նոյնն էր 2009-ին, երբ յաջորդաբար գրաւեց 27-րդ, 26-րդ եւ 20-րդ դիրքերը` տուեալ քննութիւններուն մէջ:

ՓԻՍԱ-ի կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրին համաձայն, ձախողութեան պատճառներէն մէկը այն է, որ կրթական մարզին մէջ կատարուած նիւթական յատկացումները չեն ծառայած արդիւնաւէտ նպատակի: Տեղեկագիրը նաեւ կը նշէ, թէ միջազգային քննութիւններու արդիւնքներուն մէջ առաջնակարգ դիրք գրաւող երկիրներու կրթական գլխաւոր նպատակն է լաւագոյն որակի ուսուցիչներ ապահովել աղքատ շրջաններու դպրոցներուն:

ՓԻՍԱ-ի տեղեկագիրը կը վերահաստատէ աւելի առաջ Տնտեսական գործակցութեան եւ զարգացումի միջազգային կազմակերպութեան (Օ. Ի. Սի. Տի.) կողմէ կատարուած այն յայտնաբերումները, որոնց համաձայն, նոր սերունդի բրիտանացիներ շատ աւելի տկար են ուսողութեան եւ կարդալու մէջ, բաղդատած` իրենց մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն:

Արդիւնքները անմիջապէս առաջնորդեցին բախումի. Անգլիոյ կրթութեան նախարար Մայքըլ Կաւ կը շեշտէր, թէ լճացումը կապ չունէր իր որդեգրած քաղաքականութեան հետ, եւ թէ` ձախողութեան պատճառը նախորդ նախարարութիւնն էր, իսկ ստուերային պետութեան նախարարը կը դատապարտէր կառավարութիւնը, որ` «չէր յաջողած դիմագրաւել միջազգային մարտահրաւէրը»:

«Արդիւնքները ցոյց կու տան, որ նախորդ կառավարութիւնը չյաջողեցաւ բարելաւել դպրոցներուն մակարդակը, որուն մեծ կարիքը ունի նոր սերունդը», կ՛ըսէ Կաւ:

Վիճելի չէ, թէ ան իրաւունք ունի գէթ մէկ կէտի մէջ. ամբաստանութիւնը կարելի չէ ուղղել ներկայ կառավարութեան մշակած բարեկարգումի ծրագիրներուն, որոնք նոր պիտի սկսին գործադրուիլ, եւ որոնց արդիւնքը հազիւ 2015-ին կարելի պիտի ըլլայ դատել:

Կաւ կ՛ըսէ, թէ 1990-ական տարիներէն ի վեր Անգլիոյ կրթական վիճակը «լաւագոյն պարագային լճացած է, իսկ յոռեգոյն պարագային` նահանջի մէջ է»:

Ան կը բացատրէ, թէ բարեկարգումներու իր ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ` կրթական ծրագիրի փոփոխութիւն, դպրոցներու ինքնավարութիւն եւ աղքատ աշակերտներու նպատակաուղղուած նիւթական զօրակցութիւն, մշակուած է «շատ աւելի ետ մնալու» վտանգը կանխարգիլելու միտումով:

Ի՞նչ Են Փիսա–ի Քննութիւնները

Չինացի աշակերտներ կը գերազանցեն ուսողութեան եւ կարդալու մէջ: Շանկհայ կը գրաւէ առաջին դիրք` այս երկու դասաւորումներուն մէջ:

Չինացի աշակերտներ կը գերազանցեն ուսողութեան եւ կարդալու մէջ: Շանկհայ կը գրաւէ առաջին դիրք` այս երկու դասաւորումներուն մէջ:

ՓԻՍԱ-ն կամ Աշակերտներու միջազգային արժեւորումի ծրագիրը կրթական միջազգային մակարդակները չափող ամէնէն ազդեցիկ քննութիւնն է, որ կ՛ընդգրկէ աշխարհի տարածքին աւելի քան 500 հազար աշակերտներ:

ՓԻՍԱ-ի մաս կը կազմեն ուսողութեան, կարդալու եւ գիտութեան միջազգային քննութիւններ, որոնց կը մասնակցին երկրորդական վարժարան յաճախող15 տարեկան աշակերտներ` 65 երկիրներէ:

Քննութիւնները կը կազմակերպուին 3 տարին անգամ մը` «Օ. Ի. Սի. Տի.»-ի կողմէ:

Անոնք կը չափեն Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Աւստրալիոյ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ որոշ շրջաններու կրթական մակարդակները:

Թունուզը ափրիկեան միակ երկիրն էր, որ մասնակցեցաւ 2012-ի քննութիւններուն:

ՓԻՍԱ-ի արդիւնքներուն մէջ առաջնակարգ դիրքեր կը գրաւեն Ասիոյ կրթական համակարգերը, թէեւ Չինաստան ցարդ չէ մասնակցած իբրեւ ամբողջական երկիր, այլ կը ներկայանայ իր լաւագոյն մակարդակի քաղաքներով, ինչպէս` Շանկհայ եւՀոնկ Քոնկ: Կը նախատեսուի, որ անիկա իբրեւ ամբողջական երկիր մասնակցի ՓԻՍԱ-ի յառաջիկայ քննութիւններուն:

Դիրքերու Փոփոխութիւն

Շանկհայ ուսողութեան մէջ գրաւած է առաջնակարգ դիրք, մինդեռ երեք տարի առաջ արձանագրած էր «Օ. Ի. Սի. Տի.»-ի միջինին հաւասար նիշ: Ոստումը արդիւնք է երեք տարուան ժրաջան աշխատանքի:

Վիեթնամ կը գերազանցէ Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան:

Վիեթնամ կը գերազանցէ Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան:

 

 

 

 

 

 

 

Գիտութեան Մէջ Առաջնակարգ

1. Շանկհայ  580
2. Հոնկ Քոնկ 555
3. Սինկափուր  551
4. Ճափոն   547
5. Ֆինլանտա  545
6. Էսթոնիա541
7. Հարաւային Քորէա 538
8. Վիեթնամ 528
9. Լեհաստան  526
10. Քանատա  525
Աղբիւր` «Օ. Ի. Սի. Տի.»:

Արձանագրուած է դիրքերու փոփոխութիւն. Վիեթնամ գերազանցած է Սիացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ կրթական մակարդակները:

Սինկափուր, Թայուան, Հարաւային Քորէա եւ Ճափոն գլխաւոր դիրքերը կը գրաւեն բոլոր նիւթերուն մէջ:

«Օ. Ի. Սի. Տի.»-ի քննութիւններու ընդհանուր պատասխանատու Անտրէաս Շլայխըր լուսարձակի տակ առած է Վիեթնամի «փայլուն արդիւնքը»:

Հարաւարեւելեան Ասիոյ այս երկիրը մաս կը կազմէ գիտութեան մէջ առաջնակարգ 10 երկիրներու ցանկին եւ շատ աւելի լաւ արդիւնք արձանագրած է` բաղդատած շատ աւելի հարուստ արեւմտեան երկիրներու, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներ:

Բրիտանիա գրեթէ յառաջդիմութիւն չէ արձանագրած եւ կը շարունակէ դասուիլ միջին մակարդակի երկիրներու շարքին:

Թէեւ կարելի չէ ուղղակի բաղդատութիւն մը կատարել, որովհետեւ տարիներու ընթացքին տարբեր թիւով երկիրներ մասնակցած են քննութիւններուն, սակայն գիտութեան մէջ Բրիտանիոյ նահանջը շարունակուած է տեւաբար. 2000-ի քննութիւններուն երկիրը կը գրաւէր 4-րդ դիրք, իսկ 2012-ին` 20-րդ:

Գլխաւոր պատճառը այլ երկիրներու աւելի արագ բարելաւումն է: «Օ. Ի. Սի. Տի.»-ի արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ գրեթէ ոչ մէկ փոփոխութիւն կրած են քննութեան մէջ Բրիտանիոյ արձանագրած նիշերը:

985pisa4

 

 

 

 

 

 

 

Ուսողութեան Մէջ Առաջնակարգ

1. Շանկհայ 613
2. Սինկափուր 573
3. Հոնկ Քոնկ 561
4. Թայուան 560
5. Հարաւային Քորէա 554
6. Մաքաու-Չինաստան 538
7. Ճափոն  536
8. Լիխթընշթայն 535
9. Զուիցերիա 531
10. Հոլանտա  523

Նոյնինքն Բրիտանիոյ մէջ Սկովտիա քիչ մը աւելի լաւ արդիւնք արձանագրած է ուսողութեան եւ կարդալու քննութիւններուն մէջ, բաղդատած` Անգլիոյ, իսկ Անգլիա աւելի բարձր նիշեր արձանագրած է գիտութեան մէջ: Հիւսիսային Իրլանտա այս երկուքէն ետ կը մնայ 2 նիւթերուն մէջ:

Սակայն մեծագոյն վիհը գոյութիւն ունի Կալէսի եւ Բրիտանիոյ այլ շրջաններուն միջեւ: Կալէսի արդիւնքները շատ աւելի տկար են` բաղդատած քննութիւններուն արդիւնքներուն մէջ միջին դիրք գրաւող արեւմտեան այլ երկիրներու:

Իսկ ընդհանուր դասաւորումներուն մէջ ամէնէն տկար արդիւնքները արձանագրած են Փերու եւ Ինտոնեզիա: «Օ. Ի. Սի. Տի.»-ի համաձայն, աշխարհի տարածքին ամէնէն առաջնակարգ եւ ամէնէն յետին համակարգերուն միջեւ վիհը համազօր է 6 տարի պակաս սորվելու եւ ետ մնալու:

Այսուհանդերձ, Ինտոնեզիա նաեւ այն երկիրն է, ուր աշակերտներ ամէնէն աւելի ուրախ կը զգան դպրոցին մէջ: Ամէնէն նուազ ուրախ են առաջնակարգ դիրքեր գրաւող Հարաւային Քորէայի աշակերտները:

Ֆինլանտա, որ ժամանակին գերուժ մըն էր կրթական մակարդակներու ցանկերուն վրայ, այժմ նահանջած է, եւ Շուէտի նման ամէնէն աւելի մեծ անկում արձանագրած է ուսողութեան քննութիւններուն մէջ:

Ինքնին Շուէտ ետ մնացած է արեւելեան եւ կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներէն, ինչպէս` Լեհաստան, Սլովաքիա, Սլովենիա եւ Էսթոնիա:

Սակայն Ֆինլանտա կը վայելէ եւրոպական որեւէ այլ երկիրէ աւելի բարձր դիրք: Անիկա գիտութեան մէջ առաջնակարգ երկիրներու ցանկին վրայ կը գրաւէ 5-րդ դիրք եւ ոչ ասիական միակ երկիրն է, որ մաս կը կազմէ առաջնակարգ 5 երկիրներու ցանկին:

Անգլիախօս երկիրներու շարքին ամէնէն աւելի լաւ արդիւնք արձանագրած են Իրլանտա, որ գրաւած է 7-րդ դիրք` կարդալու մէջ, եւ Քանատա, որ գրաւած է 10-րդ դիրք` գիտութեան մէջ:

Չիլի լաւագոյն մակարդակը ունի Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ եւ կը գրաւէ աւելի լաւ դիրք` բաղդատած եւրոպական ամէնէն տկար երկրին` Ալպանիոյ:

Բաղդատութիւն` Շրջաններու Միջեւ

ՓԻՍԱ-ի քննութիւնները կ՛ընձեռեն մանրամասնութիւններ` շրջանային մակարդակներու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` նոյնինքն երկրի մը տարբեր շրջաններուն միջեւ կրթական մակարդակի տարբերութիւններու:

Այսպէս, Իտալիոյ Թորենթօ շրջանը աշխարհի լաւագոյններէն է` ուսողութեան մէջ, սակայն Քալապրիոյ կրթական մակարդակը շատ աւելի ցած է` բաղդատած եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու, որոնցմէ ետ կը մնայ երկու տարիով:

Միացեալ Նահանգներու մակարդակը կը մնայ միջակ կամ քիչ մը աւելի ցած` բաղդատած Ռուսիոյ եւ Սպանիոյ, սակայն կարգ մը նահանգներու մակարդակը շատ բարձր է:

Եթէ Մասաչուսեց դասուէր իբրեւ երկիր, ապա պիտի գրաւէր 6-րդ դիրք` աշխարհի լաւագոյն կրթական մակարդակներու ցուցակներուն մէջ, շատ աւելի բարձր, քան` եւրոպական որեւէ երկիր:

Նախորդ տարիներու իր շատ ցած դիրքերէն բարձրացած է Քաթարը, որ մեծ բարելաւում արձանագրած է ուսողութեան եւ կարդալու մէջ: Քաթար լուսարձակներ հրաւիրած է իր վրայ` կրթական մարզին մէջ կատարած շահարկումներով:

Արեւելքի Գաղտնիքը

«Արեւելքի երկիրներուն յաջողութիւնը արդիւնք է ուսուցչական ասպարէզին մէջ որակի եւ դիրքի տրուած կարեւորութեան` իբրեւ կրթական մակարդակը բարձրացնելու ծառայող լծակ,- կ՛ըսէ Բրիտանիոյ մէջ կրթական մարզի խորհրդատու Մայքըլ Պարպըր:- Այս տեղեկագիրը կը քողազերծէ կրթական պետական քաղաքականութեան ձախողութիւնը. քաղաքականութիւն մը, որուն պատճառով անորակ ուսուցիչներ պաշտօնի կը կոչուին, եւ որ թոյլ չի տար դպրոցներու միջեւ արդիւնաւէտ գործակցութեան»:

Արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք Բրիտանիոյ մէջ ակադեմականներ յայտարարեցին, թէ քննադատութիւնները պէտք է ընդհանրացնել, որպէսզի լաւագոյն ուսուցիչները ուղարկուին աղքատ շրջաններ: Նախարար Կաւի մշակած ծրագիրը առիթ կու տայ, որ դպրոցներու տնօրէններ սահմանեն աշխատավարձի իրենց սեփական քաղաքականութիւնը: Սակայն ոմանք կ՛ըսեն, թէ դպրոցներու պիւտճէական վիճակը կրնայ չարտօնել նման ծրագիրներու արդիւնաւէտ կիրարկումը: Անշուշտ նաեւ ոչինչ կրնայ արգիլել հարուստ շրջաններու մէջ որակաւոր ուսուցիչներ ներգրաւելու նպատակով բարձր աշխատավարձեր առաջարկելու քաղաքականութիւնը:

Շանկհայի մօտեցումը աւելի մշակուած է. «Եթէ Շանկհայի մէջ մեծ դպրոցի մը փոխ տնօրէնն ես եւ կը փափաքիս տնօրէն դառնալ, կրնաս հասնիլ նպատակիդ, բայց նախ պէտք է ապացուցես, թէ կրնաս շրջել ամէնէն ցած մակարդակի դպրոցի մը վիճակը», կ՛ըսէ Շլայխըր:

Շլայխըր նաեւ կը հակադարձէ ասիական երկիրներու ուղղուած այն քննադատութեան, թէ անոնց կրթական մօտեցումը հիմնուած է վարժութիւններու եւ անգիր սորվելու վրայ: Ան կը նշէ, թէ մասնաւորաբար Շանկհայի մէջ շեշտը կը դրուի աշակերտներուն ստեղծագործելու կարողութիւնը զարգացնելու եւ անոնց այլ կարողութիւնները բարելաւելու վրայ: Արդիւնքը այն է, թէ Շանկհայի աշակերտները միջին հաշուով 7 տարի աւելի առաջ են ուսողութեան մէջ` բաղդատած այս նիւթին մէջ ամէնէն տկար արդիւնքները արձանագրած Փերուի: Այսուհանդերձ, ճիշդ է, որ Քորէայի մէջ, ուր արձանագրուած են բարձր նիշեր, աշակերտներ նաեւ «կ՛ատեն» դպրոցը: Աւելի՛ն. արեւելեան Ասիոյ մէջ ընդհանրացած է անձնական ուսուցիչներ վարձելու սովորութիւնը:

Ամէն պարագայի, հաւանական չէ, որ արհամարհուին ՓԻՍԱ-ի արդիւնքները: «Այս քննութիւնները պատճառ դարձած են, որ աշխարհի տարածքին կրթութեան նախարարութիւններ եւ պատասխանատուներ տեւաբար խորհրդակցին կրթական բարեկարգումներու մասին: Ոչ ոք կրնայ արհամարհել հետզհետէ ուռճացող ապացոյցները, որոնք ի յայտ կու գան կրթական յաջող եւ անյաջող մօտեցումներու վերաբերեալ», կ՛ըսէ Պարպըր:

«Սթափեցնող» Արդիւնքներ

«Բրիտանիոյ տնտեսութեան համար ամէնէն աւելի հրատապ հարց է երկրին կրթական համակարգը,- կ՛ըսէ Բրիտանիոյ գործատէրերու «Սի. Պի. Այ.» ընկերութեան քաղաքականութիւնը մշակող պատասխանատուներէն Քաթիա Հոլ:- Քննութիւններուն արդիւնքները պէտք է սթափեցնեն մեզ: Լաւագոյն մակարդակի դպրոցներ ունենալը լաւագոյն ճամբան է դէպի տնտեսական վերելք եւ նոր առիթներ»:

«Օ. Ի. Սի. Տի.»-ի ընդհանուր քարտուղար Էյնճըլ Կուրիա Ուաշինկթընի մէջ արդիւնքները յայտարարած է` ըսելով. «Որեւէ ժամանակէ աւելի անհրաժեշտ է, որ երիտասարդներ տիրանան այն կարողութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են իրենց` կեանքի մէջ յաջողելու համար»:

«Համաշխարհային տնտեսութեան մէջ մրցունակութիւնը եւ ապագայի աշխատանքի հեռանկարներու գոյութիւնը կախեալ են մարդոց գիտելիքներու օգտագործումէն: Երիտասարդները ապագան են: Հետեւաբար իւրաքանչիւր երկիր պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ` բարելաւելու համար իր կրթական համակարգը եւ ապագայ սերունդներուն հեռանկարները»:

Մինչ Բրիտանիոյ կրթական համակարգին մէջ կատարուած բարեփոխութիւնները երեւութապէս առաջնորդած են աշակերտներու նիշերու բարելաւումին, անդին` ուսողութեան եւ կարդալու մակարդակները կը նահանջեն, որովհետեւ «բարեկարգումները երկար ժամանակի համար ծրագրուած իրական փոփոխութիւններ չեն պարունակեր», ինչպէս կ՛ըսէ Տըրամի համալսարանի դասախօս Ռոպըրթ Քօ:

Բրիտանիոյ կրթական մարզին մէջ ծախսուած միլիառաւոր տոլարի գումարները որեւէ արդիւնք չեն տուած` բաղդատած այլ երկիրներու, ուր նուազ գումարներ ծախսուած են:

«Օ. Ի. Սի. Տի.»-ի հրապարակած տեղեկագիրին համաձայն, Բրիտանիոյ մէջ իւրաքանչիւր 15 տարեկան աշակերտի համար կը ծախսուի 98 հազար տոլար, մինչդեռ «Օ. Ի. Սի. Տի.»-ի ուսումնասիրած այլ երկիրներու միջինը 83.3 հազար տոլար է:

Հարաւային Քորէա, որ ուսողութեան մէջ բարձրագոյն նիշեր արձանագրած երկիրներէն է, միջազգային միջինէն շատ աւելի նուազ ծախսած է, իսկ ամէնէն աւելի մեծ գումարներ ծախսած են Միացեալ Նահանգներ. իւրաքանչիւր աշակերտի համար` 115 հազար տոլար: Սակայն Միացեալ Նահանգներու դիրքը հաւասար է Սլովենիոյ, որ իւրաքանչիւր աշակերտի համար ծախսած է 53 հազար տոլար:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ դպրոցներու եւ ուսուցիչներու միջեւ գործակցութիւնը շատ աւելի արդիւնք կու տայ, քան` շուկայի ուժը:

«Ոչինչ նոյնքան ներգործութիւն ունի աշխարհի տարածքին կրթութեան նախարարութիւններու հայեցակէտը ձեւաւորելու վրայ, որքան` այս քննութիւններուն արդիւնքը», կ՛ըսէ Պարպըր:

 

(Համադրաբար)

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES