Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Մաալուլայի Մայրապետները Ազատ Արձակելու
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն Մաալուլայի մայրապետները ազատ արձակելու: Ան շեշտեց, որ մայրապետները պէտք է վերադառնան իրենց վանքը կամ որեւէ այլ վանք, որպէսզի կարենան շարունակել աղօթքի եւ Աստուծոյ սիրոյն նուիրուած իրենց կեանքը:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ Սուրիոյ պատերազմին հետ առնչուած երկիրներուն ազատ արձակելու Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները` Եուհաննա Իպրահիմը եւ Պուլոս Եազիժին, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միաբաններէն հայր Միքայէլ Քայալը, յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ միաբաններէն հայր Իսհաք Մահֆուտը եւ Յիսուսեան միաբանութենէն հայր Փաուլօ Տալոկլիոն:
Ռայի պատրիարքը գուժեց Հարաւային Ափրիկէիի նախկին նախագահ Նելսըն Մանտելլայի մահը` մաղթելով, որ Լիբանանի մէջ իրարմէ գժտուած ղեկավարները Մանտելլայի օրինակէն իսկական պետական անձնաւորութիւններ դառնալու դասեր քաղեն:

