«Տահեշ-ը Իբրեւ Անհատներ Գոյութիւն Ունի Լիբանանի Մէջ» Ըսաւ Մարուան Շարպել

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը` իբրեւ անհատներ գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ հիմնական վտանգը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ ՏԱՀԵՇ-ը Լիբանանի մէջ կրնայ իբրեւ շարժում կազմակերպուիլ:

Անդրադառնալով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին` Շարպել շեշտեց, որ անիկա պէտք է լուծէ Լիբանանի վրայ սուրիական տագնապին ունեցած հետեւանքները եւ աւելցուց, որ Լիբանանի տարածքին կը գտնուին շուրջ մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներ:

Միւս կողմէ, Շարպել նշեց, որ կառավարութիւնը պէտք է գումարէ նիստ մը` լուծելու համար երկրին ապահովական կայունութեան սպառնացող հարցերը` դիտել տալով, որ կառավարութիւնը նոյնիսկ ընթացիկ հարցերուն չի հետեւիր:

Թրիփոլիի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շարպել ընդգծեց, որ զինեալ բոլոր ուժերը բանակին տրամադրութեան տակ դնելը կարեւոր որոշում է եւ անհրաժեշտ` Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան համար: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած երկու պայթումներէն ետք տիրող կացութիւնը տարբեր է, քան ինչ որ էր պարագան պայթումէն առաջ, «որովհետեւ այս հանգրուանին շրջանային ուժեր միջամուխ սկսած են դառնալ այդ հարցին», եզրափակեց Շարպել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )