Տոքթ. Մարալ Կիտանեան Մեկնեցաւ Յորդանան
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Մարալ Կիտանեան երէկ մեկնեցաւ Յորդանան, ուր պիտի մասնակցի երկրագործական, գիւղատնտեսական եւ սննդագիտական ապահովութեան վիճակագրութիւնը զարգացնելու նպատակով Մերձաւոր Արեւելքի շրջանային ռազմավարութեան շուրջ տեղի ունենալիք խորհրդակցական նիստին:
Նիստը կազմակերպուած է ՄԱԿ-ի սննդագիտական եւ երկրագործական կազմակերպութեան` ՖԱՕ-ի Մերձաւոր Արեւելքի գրասենեակին կողմէ:
Ամմանի մէջ տեղի ունենալիք ժողովը պիտի սկսի այսօր` 9 դեկտեմբեր 2013-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 11 դեկտեմբեր:
CATEGORIES Լիբանանեան

