Բանակը Ձերբակալեց Լիբանանցի Եւ Սուրիացի Յանցագործներ
Լիբանանեան բանակը երէկ Արսալի մէջ ձերբակալեց չորս սուրիացիներ, որոնց մօտ կը գտնուէին ատրճանակներ, զէնք ու զինամթերք եւ ականներ, որոնք լարուած վիճակի մէջ էին:
Բանակին տեղեկութիւններուն համաձայն, իւրաքանչիւր ական կը հաշուէր շուրջ 400 կրամ, իսկ զէնքերը մեծաթիւ էին:
Ըստ բանակի հրամանատարութեան, չորս ձերբակալեալներէն մէկը իգական սեռին կը պատկանի:
Նշենք, որ շաբաթ երեկոյեան Թաալպայայի ճամբուն վրայ ձերբակալուեցան չորս լիբանանցիներ, որոնք 10 սեպտեմբեր 2013-ին դեսպան Միշել Պու Խաթերի սպանութեան հարցով կասկածելիներ են:
Նշենք, որ Պու Խաթեր Թաանայէլի իր առանձնատան մէջ սպաննուած գտնուած էր:
ՄԻՒՍ կողմէ, սուրիական բանակին հրամանատարութեան համաձայն, սուրիական ուժերը Քալամունի Նապաք շրջանին մէջ գրաւած են ականուած չորս ինքնաշարժներ, որոնք Լիբանան պիտի ուղարկուէին` պայթումներ գործելու նպատակով:
Սուրիական բանակը բացայայտեց, որ չորս ինքնաշարժներէն մէկը հիւանդատար մեքենայ մըն էր` աւելցնելով, որ չորս ինքնաշարժներն ալ Լիբանան պիտի հասնէին Արսալի ճամբով: