«Հակառակ Դժուարութիւններուն Օժանդակութեան Գերագոյն Խորհուրդը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները» Շեշտեց Միքաթի

Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդին հետ հանդիպումէն պահ մը

Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդին հետ հանդիպումէն պահ մը

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վաղը` երեքշաբթի, 10 դեկտեմբերը յայտարարեց պաշտօնական սուգի օր` Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ Նելսըն Մանտելլայի մահուան առիթով:

Միքաթի շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդին հետ` շեշտելով, որ հակառակ դժուարութիւններուն խորհուրդը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

Միքաթի ընդգծեց, որ Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդին աշխատանքը բոլորին համար է եւ ոչ թէ այս կամ այն խմբաւորումին. ան շեշտեց, որ բոլոր հաստատութիւնները օրէնքին ենթակայ են եւ դատական իշխանութիւնները օրինական միջոցառումներով կը լուծեն արձանագրուած հարցերը:

Նշենք, որ Միքաթի վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրիի հետ:

Միւս կողմէ, Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստ մը կայացնելու շուրջ խորհրդակցութիւնները նորութիւն չեն, այլ որոշ ժամանակէ մը ի վեր գոյութիւն ունին եւ վերջին հանգրուանին սկսած են աւելի աշխուժ թափով ընթանալ:

Միքաթի շեշտեց, որ տակաւին կառավարութեան նիստ մը գումարելու առնչութեամբ յստակ ժամանակ չէ ճշդուած` աւելցնելով, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին հրատապ բոլոր հարցերը: Ան աւելցուց, որ քարիւղի եւ բնական կազի հարցը առաջնահերթութիւն չի նկատուիր` հաստատելով, որ այդ թղթածրարը տակաւին ուսումնասիրութեան կարիք ունի:

Share this Article
CATEGORIES