Պաապտայի Մէջ. Նախագահ Սլէյման Բացումը Կատարեց Նախկին Նախագահներու Կիսանդրիներուն

sleiman_gisantriՀանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին բացումը կատարեց Լիբանանի անկախութենէն մինչեւ այսօր Լիբանանի ունեցած 12 հանրապետութեան նախագահներու կիսանդրիներուն:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ պետութեան հրահանգէն դուրս գործող որեւէ զէնք կը գործածուի իշխանութեան հասնելու համար մղուող պայքարի համար:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքական ղեկավարութիւններուն նկատի ունենալու նախագահական ընտրութիւն կատարելու սահմանադրական ժամկէտը եւ առանց անտեսելու իրենց պարտականութիւնները` ներկայ գտնուելու նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին, կանխարգիլելու համար նախագահական աթոռի թափուր մնալուն վտանգները:

Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանը չէզոք պահել եւ զայն առանցքներու միջեւ պատերազմներէն հեռու պահել:

Ան ակնարկեց մնայուն կերպով Լիբանան ներխուժելու Իսրայէլի ախորժակին` հաստատելով, որ անհրաժեշտ է զէնքին թղթածրարը երկխօսութեան ընդմէջէն լուծել:

Նախագահ Սլէյման մերժեց նախագահութեան իր պաշտօնավարութեան նստաշրջանին երկարաձգումը, ինչպէս նաեւ զգուշացուց անիշխանութեան ծուղակին մէջ իյնալէ, որովհետեւ անիշխանութեան կը յաջորդէ նաեւ ապահովական բացթողումը:

Նախագահ Սլէյմանի անունով Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ Նելսըն Մանտելլայի յուղարկաւորութեան արարողութեան պիտի մասնակցի հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռագիր մը յղեց Եմէնի նախագահ Ապըտ Ռապպօ Մանսուր Հատիի, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութիւնը թիրախ դարձուցած պայթումին պատճառած զոհերուն առիթով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES