Սպասելով «Ալեքսա»-ին

snow_alexaԸստ Պէյրութի միջազգային օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան  օդերեւութաբանական գրասենեակին, «Ալեքսա» անունով ձիւնամրրիկ մը վաղը երեկոյեան պիտի հասնի Լիբանան, ուր ան պիտի մնայ յաջորդ վեց օրերուն ընթացքին:

Ռուսական տափաստաններէն եկող «Ալեքսա» ձիւնամրրիկը ցուրտը պիտի սփռէ ամէնուրեք, եւ կը նախատեսուի, որ ծովուն մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տեղայ: Յայտնենք, որ «Ալեքսա»-ն Լիբանան պիտի չհասնի իր ամբողջական ուժգնութեամբ, այս պատճառով անոր երկրորդ անուն մը կը գործածուի` «Եորկօ»:

Հետեւաբար, այսօր եւ վաղը պիտի ըլլան փոթորկոտ եւ տեղատարափ անձրեւներու օրեր, որոնց ընթացքին ծովուն մակերեսէն 1000 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն պիտի տեղայ:

Չորեքշաբթի, հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերուն ընթացքին ցուրտը պիտի դառնայ տիրական եւ 800 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն պիտի տեղայ:

Շաբաթավերջին` «Ալեքսա»-ի մեկնումով Լիբանանի կլիման պիտի մեղմանայ:

Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ օրերուն երկրին մէջ ցուրտ կլիմային եւ անձրեւներուն պատճառով կրնան ողողումներ արձանագրուիլ եւ ճամբաները փակուիլ, «հետեւաբար ներքին ապահովութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ պիտի ըլլան հասնելու քաղաքացիներուն օժանդակութեան եւ իրենց բոլոր կարողութիւնները ի սպաս պիտի դնեն ծառայելու անոնց», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ներքին ապահովութեան ուժերը շեշտեցին նաեւ, որ բանակը եւս պիտի օժանդակէ քաղաքացիներուն եւ ի մասնաւորի գիւղերուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ գտնուող բնակիչներուն, որոնք յաւելեալ օժանդակութեան կարիք կրնան ունենալ:

Հաղորդագրութեան մէջ քաղաքացիներէն պահանջուեցաւ հետեւիլ ապահովութեան ուժերու ցուցմունքներուն, ինչպէս նաեւ զգուշանալ ձիւնով փակուած ճամբաներուն ուղղութեամբ երթալէ, եթէ հոն ուղղուելու անմիջական կարիք չկայ:

Ներքին ապահովութեան ուժերը կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն, որ շտապ օգնութեան պարագային հեռաձայնեն 112 թիւին եւ պահանջեն համապատասխան օգնութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES