Տաւութօղլու. «Հայաստան Պէտք Է Յարգէ Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Երեւան կատարելիք այցելութենէն քանի մը օր առաջ կրկին անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին:
«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Տաւութօղլու «Հապերթուրք» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ մենք գերազանց յարաբերութիւններ հաստատենք Հայաստանի հետ, միեւնոյնն է` անոնք վտանգուած պիտի ըլլան այնքան ժամանակ, քանի տակաւին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն չէ հաստատուած»:
«Մենք շաւ լաւ յարաբերութիւններ ունինք Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքմենիստանի հետ: Միակ բացակայ օղակը Հայաստանն է: Եթէ հայերը կը ցանկան մաս կազմել այս ընդհանուր պատկերին, ապա պէտք է յարգեն Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը», նշեց Տաւութօղլու:
CATEGORIES Հայկական

