Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Միջամուխ մի՛ ըլլաք երկու բարեկամներու միջեւ ստեղծուած վէճին: Ձեր բարեացակամ վերաբերումը կրնայ սխալ մեկնաբանութիւններու դուռ բանալ եւ ձեզ յուսախաբութեան մատնել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուշադիր եղէք ձեր դրամական կացութեան: Մտածեցէք քիչ ծախսով կեանք վարելու մասին: Մսխումը մեղք է, վնասակար եւ անօգուտ: Իմաստուն ըլլալը կարեւոր է նման պարագայի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ծառայութիւնները պիտի գնահատուին մեծահասակներէն եւ փոքրերէն: Պիտի ունենաք գնահատելի վարձատրութիւն: Նիւթական ապահովութիւնը պիտի յուսադրէ ձեզ ապագայի նկատմամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք, որոշած էք: Կրնաք այժմէն կապ հաստատել ճամբորդական գրասենեակներու պատասխանատուներու հետ հանգստաւէտ պայմաններով ճամբորդելու համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կը ջղայնանաք ձեր շուրջը կատարուած անարդար վերաբերումներու համար: Կ՛ուզէք արդար դատաստան մը իրագործել: Զուր տեղ ձեր ջիղերը մի՛ յոգնեցնէք անարժէք հարցերու համար: Այս է կեանքը` չարի եւ բարիի պայքար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ձեր որոշած ծրագրին կիրարկումը քիչ մը ուշանայ, մի՛ յուսահատիք, այլ զայն նկատեցէք ի նպաստ ձեզի, որովհետեւ կրնաք յաւելեալ ջանք կատարելով` լաւագոյնին հասնիլ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ տեսնէք, որ օրերը ձախորդ են, բնական երեւոյթ նկատեցէք: Բնութեան փոփոխութեան հետեւեցէք: Եթէ այսօր երկինքը ամպոտ է, վաղը արեւ կը ծագի` իր բարիքները սփռելով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի ստանաք հրաւէր մը` ձեր շրջանակին մէջ ուրախ հարց մը կամ լաւ առիթ մը տօնելու: Ձեր ներկայութիւնը պիտի ոգեւորէ մթնոլորտը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երկար ատենէ ի վեր ձեր սպասած մէկ նամակը պիտի ստանաք, բայց ձեր ակնկալութիւնը պիտի չունենայ պատշաճ վերաբերում. այսուհանդերձ, մի՛ նեղանաք: Թիւրիմացութիւն մը կրնայ ըլլալ, ստուգեցէք հարցը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատ մտածելով` ոչինչ կրնաք իրագործել: Թեթեւ տրամադրութեամբ շարունակեցէք ձեր աշխատանքը, մնացեալը ձգեցէք բախտի տնօրինումին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր երազները իրագործելու համար արդէն որոշ ճամբայ կտրած էք: Շարունակեցէք սկսուած ծրագիրը` միշտ արդար տրամադրութեամբ եւ հաճոյքով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Իրար մի՛ անցնիք երբ ձեր պատրաստած աշխատանքը պէտք եղած արժեւորումը չէ ունեցած: Այդ վերագրեցէք ձեզի հետ աշխատող գործակիցներու անտարբերութեան: Նկատի մի՛ առնէք աննշան խնդիրները:

