50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1963)
Հայը` Երէկ Եւ Այսօր
Ասկէ ճիշդ կէս դար առաջ, տակաւին վերջապէս յստակ ու բիւրեղացած չէր հայ քաղաքական միտքը: Հետեւաբար պարզ ու որոշ չէին հայ ժողովուրդին քաղաքական պահանջները: Անփոփոխելի բովանդակութիւն ու կերպարանք ստացած չէր Հայ դատը:
Արդարեւ, յիսուն տարիներ ասկէ առաջ, Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին, հայութիւնը յոյսով ու հաւատքով կը սպասէր եւրոպացի մարզպաններուն` Հոֆին եւ Վեսթենենկին, որոնք վերջապէս, դարերու տառապանքներէն ու տանջանքներէն ետք իրականութիւն պիտի դարձնէին բարենորոգումները:
Եթէ քաղաքական ոսպնեակի տակ դնենք ակնկալուածը, պիտի հաստատենք բոլորիս ծանօթ այն իրողութիւնը, որ սպասուած առաւելագոյն ազգային շահը պիտի ըլլար. քաղաքական հաւասարութիւն` իբրեւ օսմանցի եւ հայկական ինքնավար շրջան մը` իբրեւ մաս Օսմանեան կայսրութեան:
Մենք պատրաստ էինք մոռնալու դարերու արցունքն ու արիւնը, պատրաստ էինք ամէն բան ներելու դահիճին, պատրաստ էինք հաշտուելու դահիճին հետ:
Եւ ասիկա` անկեղծօրէն, ի սրտէ, իբրեւ հետեւանք քաղաքական մեր այն համոզումին, որ բարենորոգումներու գործադրութեան պարագային յարգուած ու հաստատուած պիտի ըլլային հայութեան ու Հայաստանի բոլոր իրաւունքները:
Տասը տարի իսկ չանցած` հիմնովին վերադաստիարակուած ու կատարելապէս հասունցած էինք եւ յստակ ու բիւրեղացած էր հայ քաղաքական միտքը, վերջնական ձեւ եւ էութիւն ստացած էր Հայ դատը:
Հայ ժողովուրդի թէ՛ թշնամի եւ թէ՛ բարեկամ ուժերու արարքներն ու վերաբերմունքը, տեղի ունեցած դէպքերը, բայց մանաւանդ պատմութեան պարտադիր ընթացքը իրականութիւն դարձուցած էին հայ հողի պետական բացարձակ ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
Իսկ 1920 օգոստոս 10-ին Սեւրի դաշնագիրը կը հաստատէր նաեւ միջազգային ճանաչումը, թէ քաղաքական անմասնատելի ամբողջութիւն մըն է Հայ դատը:
Այսօր Հայաստան քաղաքական աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ մէկը Խորհրդային Միութեան տասնհինգ հանրապետութիւններէն:
Համաձայն խորհրդային սահմանադրութեան տասնեօթներորդ յօդուածին, Հայաստան, միութենական հանրապետութիւն ըլլալով, իրաւունք ունի «ազատօրէն անջատուելու Խորհրդային Միութենէն»:
Ըսինք այստեղ, որ այս հանգամանքը քաղաքական եւ իրաւական ո՛չ մէկ արժէք չունենալով հանդերձ, այնուամենայնիւ իրաւական որոշ «վարկ» կը ներկայացնէ, թէկուզ` զուտ խորհրդային իրականութեան մէջ:
Էականը, այսօրուան եւ երէկուան համեմատութեան մէջ, ոչ այնքան փաստական ու ֆիզիքական իրողութիւններն են, որքան` հայ ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան աստիճանը:
Տասնամեակներու ընթացքին ամէն հայ մարդու քաղաքական դաստիարակութեան մաս դարձաւ, որ մենք պահանջատէր ենք Թուրքիայէն, եւ որ չենք կրնար հրաժարիլ ազգային այս պահանջէն, թէկուզ զայն ուրանայ այն պետութիւնը, որուն մէկ մասն է Հայաստան` Խորհրդային Միութիւնը:
Ինչպէս արտերկրի, այդպէս ալ երկրի հայութեան ամէն մէկ անդամը այսօր գիտէ, թէ Հայ դատի անվերանայելի հանգանակներէն մէկն է, որ գոյութիւն ունին հայ պատմական հողեր, որոնք հայութիւն եւ Հայաստան չեն կրնար զիջիլ ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Վրաստանի, ո՛չ Ազրպէյճանի, ո՛չ ալ ոեւէ մէկուն:
Ամենատարրական տրամաբանութիւնը կը թելադրէ, որ Հայ դատը կրնայ լուծուիլ եւ պիտի լուծուի հանգրուան առ հանգրուան եւ ոչ թէ մէկ անգամէն, իր բոլոր կողմերով:
Եթէ այս հանգրուաններէն առաջինը ըլլայ ամբողջացումը հայկական հողերու, ատիկա պիտի ամրացնէ յոյսն ու հնարաւորութիւնները, որ պիտի լուծուին Հայ դատի նաեւ միւս առաջադրութիւնները:
Ի վերջոյ, պէտք չէ տարակուսիլ, որ ամէ՛ն հայ, նոյնիսկ ան, որուն արտաքին սովետասիրութիւնը «բա՜րձր քաղաքականութիւն» խաղալ է, իր խորքին մէջ անվերապահօրէն կը ցանկայ, որ նաեւ իր հայրենիքը ըլլայ ազատ:
Որովհետեւ, եթէ վերջին կէս դարու ընթացքին բիւրեղացաւ հայ քաղաքական միտքը, ապա նոյնքան ու աւելի բիւրեղացաւ նաեւ միջազգային քաղաքական չափանիշը, յատկապէս` ժողովուրդներու ազգային իրաւունքները ճանչնալու տեսակէտէն:
Այսօր հայ քաղաքական իրականութեան մէջ համազգային գիտակցութիւն մը կայ, որ պէտք է պահանջել հայ հողերը, պէտք է տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն, պէտք է բողոքել, երբ կ՛անտեսուին այդ իրաւունքները:
Այս իրողութիւնը լաւագոյն երաշխիքն է, որ երբ գայ ատենը եւ ստեղծուին հնարաւորութիւններ, պիտի լուծուի Հայ դատը: Եւ լուծուի այսպէս, ինչպէս պէտք է լուծուի որեւէ ազգային դատ, այն է` իր ամբողջութեամբ:
«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»

