«Հայ Կինը Եւ Մշակոյթը» (Հեղինակ` Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան) «The Armenian Woman And Culture» Azadouhi Simonian Kalaidjian)

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Simonian---Kalaydjian2013-ին, Պէյրութ, լոյս տեսաւ լիբանանահայ կրթական մշակ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանի «Հայ կինը եւ մշակոյթը» խորագրեալ հատորը` խմբագրութեամբ Պեպօ Սիմոնեանի: Սոյն գործը ունի ճոխ բովանդակութիւն, որուն կարեւոր մէկ բաժինը գրուած է անգլերէնով եւ յատկացուած է կիներուն:

Յիշեալ հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 412 էջերէ, որուն նախերգանքը ստորագրած է Պեպօ Սիմոնեան, որ կուռ եւ հակիրճ լեզուով կը ներկայացնէ կեանքն ու գործունէութիւնը Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանի:

Այսպէս, Պեպօ Սիմոնեան կ՛ըսէ, թէ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան այնքան կրթասէր էր, որ դպրոցն ու ուսումը մաս կը կազմէին իր էութեան: Հոգեպէս կը սիրէր Հայաստանեայց եկեղեցին, որուն դպրաց դասին խորապէս կապուած էր տարիներէ ի վեր: Կը սիրէր Հաճնոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք ծառայած է կիրակնօրեայ դպրոցին:

Ապա, տարիներ ետք, յաճախած է Հայ աւետարանական քոլեճ` ստանալու համար երկրորդական կրթութիւն:

Հայ աւետարանական քոլեճէն ներս ուսման հինգ տարիները կ՛անցնին հեզասահ ընթացքով: Լաւագոյն արդիւնքով կ՛աւարտէ քոլեճը, երբ հաւատացեալ մօրը քաջալերանքով կը տիրանայ անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան բարձրագոյն մակարդակին: Հետագային, իր մէջ յայտնուած բեմական խօսքի շնորհիւ` կը հրաւիրուի ամէնուրեք իբրեւ բանախօս կամ դասախօս:

Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք «Էլ.Էյ.Եու.» համալսարանը, սոյն հաստատութեան ուսումնական տեսչութիւնը կը ղրկէ զինք Միշիկընի համալսարանը անգլերէնի ուսուցման նորագոյն մեթոտներուն մէջ մասնագիտանալու նպատակով: Կը հետեւի նաեւ Անգլիոյ «Ռիտինկ» համալսարանի անգլերէն լեզուի դասընթացքներուն:

Երբ կ՛ամուսնանայ, կ՛արժանանայ անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան մագիստրոսի տիտղոսին: Սոյն շրջանին կը բախտաւորուի երկու մանչ զաւակներով:

Անխոնջ տքնութեամբ 47 տարիներ շարունակ կը ծառայէ ուսուցչական ասպարէզէն ներս` ուսուցանելով անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն` արաբին, լիբանանցիին, հայուն եւ օտարազգի ուսանողներուն: «Էլ.Էյ.Եու»-ի ուսանողները իրենց անխառն գնահատանքը կ՛արտայայտեն` տարի մը զինք հռչակելով «Տարուան լաւագոյն ուսուցիչը»:

Այսպէս, սոյն գործով, Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան կը հաստատէ այն պատմական իրողութիւնը, թէ հայուհին ի՛նչ դասակարգի ալ պատկանի, կը սերտէ Աստուածաշունչն ու հոգեւոր գրականութիւնը: Թէ` հայ կիներ սատարած են գրչագիր մատեաններու ստեղծման եւ բազմացման: Թէ` Մլքէ թագուհին` Վասպուրական Գագիկ Արծրունի թագաւորին կինը, 902 թուականին ընդօրինակել տուած է Աւետարան մը, որ հայերէն ամենահին ձեռագիրը կը նկատուի:

«Ուիլիըմ Սարոյեանի թատրոնը» խորագրեալ վերլուծական իր գրութեամբ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան կ՛ըսէ, թէ` «անգութ հասարակութեան մը զոհերը դարձած են Սարոյեանի հերոսներն ու տիպարները: Օրինակ, «Իմ սիրտը լեռներում է» գործին մէջ բանաստեղծի տիպարը ներկայացնող «Պեն Ալեքսանտր անօթութեան կը դատապարտուի եւ տունէն դուրս կը շպրտուի իր ընտանիքին հետ»:

«Հայ կինը եւ մշակոյթը» խորագրեալ հատորին մէջ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան կը ձգտի համապարփակ ձեւով ներկայացնելու մնայուն հանգամանք վայելող այն բոլոր երեւոյթները, որոնք ունեցած են սերտ առնչութիւն հայ գրականութեան հետ:

Ահա թէ ինչո՛ւ Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներու մէջ»-ը գործին վերահրատարակութեան առիթով կը գրէ սրտայոյզ խօսքեր` Եսայեանի հասցէին, գովելով երիտասարդ գրագիտուհիի անձին մէջ տիպար արուեստագիտուհին, որ գիտէ ականատեսի ճշմարիտ փորձառութեամբ նկարագրել Ատանայի ջարդերը:

Ապա Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան անխառն ուրախութեամբ կը դրուատէ գրական արժէքը «Երիտասարդ հայուհի» պարբերաթերթի վաստակաւոր խմբագիր եւ շնորհալի գրագիտուհի Սիրան Սեզային, որ տասնամեակներ շարունակ ծառայած է հայ մամուլին եւ գրականութեան: Հակառակ նիւթաբարոյական աննպաստ պայմաններուն` ան չէ յուսահատած երբեք, այլ մինչեւ մահ գրիչը դարձած է իր անխարդախ բարեկամը:

Ներկայացնելով հիմնական յատկութիւնները սփիւռքահայ կրթական մշակ տոքթ. Բերկրուհի Նաճարեանին, Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան կ՛ըսէ, թէ փրոֆ. Նաճարեան նախ Հալէպի Կիլիկեան նախակրթարանի եւ Ամերիկեան աղջկանց երկրորդական վարժարանի, ապա Պէյրութի Ճիւնիըր քոլեճի եւ Ամերիկեան համալսարանի ընթացքը աւարտելով` կը ստանայ պսակաւոր արուեստից տիտղոսը անգլիական գրականութեան եւ հոգեբանութեան մէջ: Կը մեկնի Միացեալ Նահանգներու Քոռնել համալսարանը ու կը ստանայ տոքթորական կոչումը 1952 թուականին` «Կրթական իմաստասիրութեան եւ մանկանց հոգեբանութեան» մէջ: Կը դառնայ Պէյրութ, ուր կը միանայ Ամերիկեան համալսարանի դասախօսական կազմին:

«Թող անմեռ մնայ իր յիշատակը մեր հոգիներուն մէջ» խորագրեալ յուշագրական գրութեամբ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան վառ կը պահէ յիշատակը Հայ աւետարանական քոլեճի հայոց լեզուի 42-ամեայ ուսուցիչ Մանուկ Տէօվլէթեանի, որ տարիներու բերումով դարձած է աշակերտներու հիացումին եւ ներշնչումին աղբիւրը: Կ՛ըսէ, թէ հիմնադիրն է ան Հայ աւետարանական քոլեճի գրադարանին: Ան կը քաջալերէր աշակերտները, որ աշխատակցին «Սիփան» ուսանողական պարբերաթերթին: Շնորհիւ իր այս առանձնայատկութիւններուն` Մանուկ Տէօվլէթեան պարզ ուսուցիչ մը չէր, այլ` Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրեալ սպասարկուն:

Ուշագրաւ է «Սիպիլի հայեացքները» խորագրեալ գրութիւնը, ուր հեղինակը հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Սիպիլի գրական ըմբռնումները` անոր գրական գործերուն ընդմէջէն: Սոյն գրութեամբ,  ընթերցողը կը ծանօթանայ այն իրողութեան, որ գրական եւ հասարակական կեանքի մէջ իր տարած ազգանուէր ծառայութեամբ, Սիպիլի գրական արժանիքը կը կայանայ անոր «Աղջկան մը սիրտը» խորագրեալ վէպին եւ 1891 թուին լոյս տեսած պատմուածքներուն մէջ:

Պէտք է ըսել, որ «Հայ կինը եւ մշակոյթը» խորագրեալ հատորը լուրջ ուսումնասիրութիւն մըն է, որուն միջոցով Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեան հայ կինը հանրութեան կը ներկայացնէ արուեստի հանդէպ իր իւրայատուկ ըմբռնումներով:

Հոկտեմբեր 2013
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES