Թուրքիոյ Սպառնալիքները Պիտի Մղեն Աւստրալիան Ցեղասպանութեան Ճանաչման
Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալես նահանգի «Ուոլոնկանկ» համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Ռապըրթ Քափլան յօդուած մը հրապարակած է «Օսթրելիըն» թերթին մէջ` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այս հարցին առնչութեամբ աւստրալիացի երեսփոխաններու հասցէին Թուրքիոյ կատարած սպառնալիքներուն:
Ըստ Քափլանի, Աւստրալիոյ մէջ հանդուրժողական կեցուածք կայ խօսքի ազատութեան նկատմամբ, բայց Թուրքիոյ սպառնալիքները կրնան միայն մօտեցնել այն թուականը, երբ Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը եւս պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը գործածէ իր դեսպանատան ամբողջ ներուժը եւ արդէն իսկ «մաշած» հնարներ կը կիրարկէ` յարձակելով անոնց վրայ, որոնք կը համարձակին բարձրաձայն խօսիլ Ցեղասպանութեան ոճրագործութիւններու անարդարութիւններուն մասին», գրած է ան:
Յիշեցնենք, թէ անցեալ շաբաթ Թուրքիա դարձեալ ազդարարած էր աւստրալիացի խորհրդարանականները, որ հեռու մնան Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն, եթէ Աւստրալիա չ՛ուզեր հարցականի տակ դնել Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները: Թուրքիա նաեւ պահանջած էր Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալես նահանգէն, որ ետ քաշէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած բանաձեւը` ազդարարելով, թէ զայն ճանչցողները կրնան արտօնութիւն չստանալ մասնակցելու 2015-ին Կալիփոլիի (Չանագգալէ, Ա.) մէջ կայանալիք աւստրալիացի զինուորներու յիշատակի հարիւրամեայ ձեռնարկին: Ազդարարութիւնը կատարած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք, իսկ անոր խստօրէն հակադարձած էր Նոր Հարաւային Կալեսի վարչապետ Պերի Օ՛Քերըլը` ցաւ յայտնելով, որ Կալիփոլիի պատերազմին ընթացքին զոհուած զինուորներուն յիշատակը կը շահագործուի քաղաքական նպատակներով:

