Գարակէօզեան Ընտանիքի Բարերարներու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2013-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ` յաւարտ Ս. պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ «Հ. Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիր եւ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ իր ընտանիքի անդամներուն` Զապէլի, Լէյլայի եւ Հաուըրտի հոգիներուն:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ: Այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի ներկայացուցիչ Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան Խորհրդատու մարմինի անդամներն ու պաշտօնեաները, հայկական կազմակերպութիւններու եւ վարժարաններու տնօրէններն ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ յարգեցին յիշատակը բարերարներուն, ապա ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հաստատութեան կատարած մարդասիրական ծառայութիւնները եւ հրաւիրեց տոքթ. Ժան Սալմանեանը, որպէսզի փոխանցէ խորհրդատու մարմինի խօսքը:
Իր խօսքին մէջ Սալմանեան ըսաւ. «…Մենք քաջ գիտենք, որ այս հաստատութիւնը միշտ դարձած է մեր երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն գուրգուրանքի առարկան` առ ի գնահատանք մեր աշակերտութեան եւ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն մատուցած առողջապահական, ընկերային եւ այլ ծառայութիւններուն:
«Անոնք տուին իրենց նիւթականէն եւ մասնաւորաբար իրենց անկեղծ սէրէն, որպէսզի մեր մանուկները եւ պատանիները առողջ մարմնով ու մտքով աճին ու զարգանան` ապագայ սերունդներ դառնալու համար:
«Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, մեկնելով բոլորին ձեռք երկարելու եւ օգտակար դառնալու սկզբունքէն, դռները լայնօրէն բացաւ սուրիահայ գաղթական մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն` անոնց տրամադրելով զանազան տեսակի օժանդակութիւններ, կամ զիրենք ուղղելով համապատասխան կեդրոններ` հիւանդանոցային խնամքի ենթարկուելու համար:
«Գարակէօզեան» հաստատութիւնը յաջողեցաւ գործնական գետնի վրայ նոր նուաճումներ արձանագրել` վստահութիւնը շահելով Լիբանանի մէջ գործող մեծագոյն համալսարաններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն: Այս նուաճումները մեզ եւ մեր տնօրէնութիւնը` գլխաւորութեամբ Սերոբ Օհանեանին, կը դնեն հիմնական պատասխանատուութիւններու առջեւ, պահանջելով ըլլալ աւելի բծախնդիր ու գործնական` վարչական աշխատանքներուն մէջ, բարձրօրէն գնահատելով պաշտօնէութեան տարած ազգանուէր ու աստուածահաճոյ ծառայական աշխատանքը»:
Հանդիպման եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան հաստատեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը եղաւ ծառայութեան հոմանիշ:
Սրբազան հայրը ըսաւ. «Կը մաղթենք, որ «Գարակէօզեան» այս հիմնարկը, իր բազմերես եւ բազմատեսակ ծառայութիւններով` մնայ մեր ժողովուրդին կողքին` իբրեւ յենարան եւ նեցուկ, որովհետեւ ինչպէս ըսուեցաւ, մեր ժողովուրդը տակաւին կարիքը ունի այս հիմնարկին, որպէսզի իր կեանքը կարենայ վերականգնել, ներդաշնակել եւ ընթանալ դէպի աւելի լաւ ապագայ:
«Բարեսիրութիւնը հաւատքի արտայայտութիւն է, ինչպէս նաեւ կեանքի ոճ: Կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ տեսակ միջոցներով կը փորձենք ուրիշին օգտակար ըլլալ, կարեւորը կամեցողութիւն ունենալու մէջ կը կայանայ, կարեւորագոյնը հաւատք ունենալու մէջ կը կայանայ: Քրիստոնէական մեր հաւատքը մեզի կը յանձնարարէ, որ Աստուածասիրութիւնը մարդասիրութեան ճամբով արտայայտենք եւ հաւատքը գործի ճամբով ապրինք:
«Գարակէօզեան» ամոլը 1918 թուականին այս դիտաւորութեամբ հաստատեց հիմնադրամը. երեւակայեցէ՛ք ծնողք մը, որ կորսնցուցած է 14-ամեայ մանչ զաւակը. անոնք խորտակուելու եւ ընկրկելու փոխարէն ազնիւ մտածումը ունեցան իրենց զաւկին յիշատակը կեանքին մէջ ապրեցնելու: Հաստատեցին հիմնադրամ մը, որ ահաւասիկ 92 տարիներէ ի վեր փրկարար դերակատարութիւն ունեցաւ եւ կ՛ունենայ մեր ազգին կեանքին մէջ:
«Աղօթենք, որ իրենց օրինակը վարակիչ դառնայ շատերուն համար, որոնք միջոցներ եւ պայմաններ ունին զօրավիգ ըլլալու մեր ժողովուրդին, եւ աղօթենք, որ այս հիմնարկը իր պաշտօնէութեամբ իրեն վստահուած պարտականութիւնը իբրեւ ծառայութիւն շարունակէ ընծայել:
«Բոլորին ներկայութեան բարձրօրէն կը գնահատենք «Գարակէօզեան» հիմնարկը Լիբանանի մէջ եւ այլուր` իր ծառայողական աշխատանքին համար: Թող Աստուած հանգուցեալ բարերարներուն յիշատակը գեղեցկացնէ մեր յիշողութեան մէջ, անոնց պարգեւէ յաւիտենական հանգիստ, բայց մեր յիշողութեան մէջ եւս զանոնք ապրեցնէ, որպէսզի մենք ալ մեր երախտագիտութիւնը մեր աշխատանքներով արտայայտենք»:
Վերապատուելի Քիլաղպեանի աղօթքով վերջ գտաւ հաւաքը:

