Թրիաթլոն. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Գէորգ Ալթունեան Տիրացաւ Տիտղոսին


Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի Թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:
Տղոց մրցումներուն ՀՄԸՄ տիրացաւ առաջնութեան` շնորհիւ Գէորգ Ալթունեանի, որ հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 1 ժամ 25′ 48 արդիւնք մը: Ատկէ բացի, Ալթունեան իր տարիքային դասաւորման մէջ եւս (35-44 տարեկան) հանդիսացաւ առաջին:
ՀՄԸՄ տիրացաւ երկրորդ առաջնութեան մըն ալ` շնորհիւ Միքայէլ Նատերի, որ 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ գրաւեց առաջին դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւեց եւ իր տարիքային դասաւորման մէջ (24-34 տարեկան) առաջին հանդիսացաւ Քարոլ Պոյաճեան (1 ժամ 32′ 36″):
CATEGORIES Մարզական

