Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Lebanon_report-2ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան պահանջեց ազատ արձակել Մաալուլայի վանքին մայրապետները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Մաալուլայի վանքի մայրապետները առեւանգող կողմերուն գործակիցներն են:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց մշակելու շտապ օգնութեան ծրագիր մը եւ յատկացնելու հեռաձայնային յատուկ թեժ գիծ մը` կանխարգիլելու համար յաջորդ մրրիկին ունենալիք հետեւանքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի հանդարտութիւն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ազատ բանակին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներ ղրկած է Սուրիա` պաշտպանելու համար Սուրիոյ եկեղեցիներն ու վանքերը:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք շեշտեց, որ եթէ Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունենային, ապա լիբանանեան բանակին դէմ որակական գործողութիւններ կատարած կ՛ըլլային եւ բանակը չէր կրնար Թրիփոլիի ներքին փողոցներուն մէջ ազատ-անկախ շրջիլ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ ինք մտադրած է այս շաբթուան ընթացքին ֆինանսաւորել Միջազգային դատական ատեանը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան նիստին գումարումը կարեւոր է` վաւերացնելու համար երկրին ամէնէն հրատապ հարցերը:

ԱՅՆ Հելուէ գաղթակայանի շէյխերէն Պահաէտտին Հուժէյր (24 տարեկան) երկար ատենէ ի վեր գաղթակայանին մէջ չի գտնուիր: «Ախպար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները ապահովութեան ուժերէն քաղելով, յայտնած է, թէ նշեալ կրօնաւորը մեղսակցած է իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումին եւ կը մերժէ լիբանանեան պետութեան անձնատուր ըլլալ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ դժուար թէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յետս կոչէ իր հրաժարականը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ երկրին մէջ անիշխանութեան ստեղծման մտահոգութիւնները առկայ են եւ տիրական` նկատի ունենալով տիրող քաղաքական ներկայ պայմանները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ իրենք համաձայն են, որ նոր կառավարութիւն մը կազմուի, «սակայն եթէ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը շարունակուի ինչպէս որ է, ապա իրենք համաձայն են, որ երկրին իրավիճակը շարունակուի ընթացիկ կառավարութեան իշխանութեամբ», աւելցուց ան:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց առեւանգուած եպիսկոպոսներն ու Մաալուլայի մայրապետները ազատ արձակելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին  ուժը կը փաստուի երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն ընդմէջէն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Սպիտակ տան եւ Ապահովութեան խորհուրդի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES