Ժոմպլաթ. «Ե՞րբ Արաբ-Իսլամ Մանտելա Մը Պիտի Ունենանք, Որպէսզի Իսլամները Մնայուն Բռնարարքներէն Փրկէ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» շաբաթաթերթի իր սիւնակին մէջ նշեց, որ Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ Նելսըն Մանտելայի մասին ինչ որ ալ ըսուի, բաւարար պիտի չըլլայ նկարագրելու համար անխոնջ պայքարողը:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Մանտելայի մահով աշխարհը կորսնցուց ազատատենչութեան խորհրդանիշ մը, ինչպէս նաեւ բռնատիրութեան դէմ պարզուած յեղափոխութեան դրօշներէն մէկը:
«Ան 27 տարի իր արգելարանէն պայքարեցաւ սեւերու եւ սպիտակներու միջեւ խտրականութեան դէմ, մինչեւ որ հասաւ հանրութեան միջեւ հաւասարութիւն մը կերտելու աստիճանին: Իր նախագահութեան ժամանակաշրջանին Մանտելա պայքարեցաւ աղքատութեան եւ տգիտութեան դէմ, ինչպէս նաեւ քաջալերեց երկրագործական մարզի բարգաւաճումը, ինչպէս նաեւ առողջապահական հոգատարութեան ծառայութիւններու ընդարձակումը», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ան աւելցուց, որ Մանտելա պաշտպանած է նաեւ պաղեստինեան դատը, ինչպէս նաեւ պահանջած, որ Իսրայէլ հեռանայ հարաւային Լիբանանի եւ Կոլանի իր բռնագրաւած տարածքներէն:
«Ե՞րբ արաբ-իսլամ Մանտելա մը պիտի ունենանք, որպէսզի քանդէ սխալ հասկացողութիւններու եւ հաւատալիքներու վրայ հիմնուած մշակութային հին կարծրատիպերու շղթաները: Ե՞րբ արաբ-իսլամ Մանտելա մը պիտի ունենանք, որպէսզի իսլամները մնայուն բռնարարքներէ փրկէ եւ ներողամտութեան, հաշտութեան եւ հանդուրժողականութեան առիթ մը ընծայէ», հարց տուաւ Ժոմպլաթ:
Միւս կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Ժոմպլաթ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Ռուսիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ ռուս պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

