Ֆայեզ Ղոսըն Ընդունեց Յունաստանի Եւ Ֆրանսայի Դեսպանները

Ghosn_Catherine-Boura

Ghosn_Patrice Paoli

 

 

 

 

 

 

 

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քեթրին Պուրան, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ղոսըն ընդգծեց, որ Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը հինէն աւելի լաւ է, սակայն ոչ իտէալական:

Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական մնացեալ բոլոր ուժերուն որդեգրած միջոցառումները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ կացութիւնը վերադառնայ իր բնականոն ընթացքին:

Ղոսըն ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է քաղաքական հանդարտութիւն սփռել` ապահովական միջոցառումներուն զուգահեռ:

Ան շեշտեց, որ բոլորը արդէն իսկ կը գիտակցին վտանգաւոր կացութեան, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ տիրող քաղաքական երկփեղկումը կը սպառնայ Լիբանանի ապագային:

«Լիբանանեան բանակը պատրաստ է դիմաւորելու քանի մը ժամէն Լիբանանը հարուածելիք մրրիկը: Ըստ սովորականին, բանակը հակառակ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ստանձնած ծանր պարտականութեան, դիմած է շարք մը դասաւորումներու` գիւղական շրջաններուն մէջ քաղաքայիններուն օգտակար դառնալու նպատակով», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն հետեւելու բանակին ցուցմունքներուն:

Ղոսըն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանին օժանդակելու եւ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները ամրապնդելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը:

Փաուլի դրուատեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին բանակին իրագործած պարտականութիւնը եւ անոր դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը հաստատելու մէջ:

Փաուլի գնահատեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող հանդարտութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան պահպանումը:

 

Share this Article
CATEGORIES