Պըրրի Անհրաժեշտ Նկատեց Խորհրդարանի Լիագումար Նիստերուն Բոլորին Մասնակցութիւնը

Պասիլ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Պասիլ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկած է քարիւղի եւ բնական կազի վերաբերող թղթածրարին մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ անիկա կարեւոր է, որպէսզի Լիբանան կարենայ պահել բնական հարստութեամբ լեցուն իր ծովային սահմանները:
Պասիլ նշեց, որ այս մասին տրուած որոշումներուն սահմանադրական ըլլալու իրականութիւնը պէտք չէ կասկածի տակ առնել, որովհետեւ կառավարութեան կողմէ այդ մասին նախապէս որոշումը տրուած է, իսկ նախարարութիւնը պարզապէս որոշ դասաւորումներ կ՛որդեգրէ:
Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը ներքին լիբանանեան առումով քարիւղի թղթածրարը պիտի չքննարկէ, բացի եթէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը արտօնեն ատիկա:
«Հիմնականին մէջ որոշումի իրաւունքը վերապահուած է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, իսկ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անձամբ կը հսկէ Մուսթաքպալ հոսանքի շահերուն եւ կը կատարէ անոնց փափաքները», ըսաւ ան: Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց կառավարութեան կողմէ քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարին անմիջական վաւերացումին անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը հրաժարած է:
Ան շեշտեց, որ երկրին սահմանադրութիւնը կ՛արտօնէ նման զգայուն թղթածրար մը վաւերացնել` յատկապէս եթէ նկատի ունենանք լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուած քարիւղի բնական հարստութեան նկատմամբ ծովային սահմաններուն մօտակայ իսրայէլեան սպառնալիքը:
Պատասխանելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի` Պըրրի նշեց, որ կարեւոր չէ իր կողմէ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստի մը հրաւիրելը, այլ կարեւորը այն է, որ Ժահժահ իր երեսփոխանները ուղարկէ ներկայ գտնուելու խորհրդարանի նիստերուն:
«Ինչո՞ւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանները խորհրդարանական նիստերուն ներկայ չեն գտնուիր: 18 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանի լիագումար նիստ մը, թող երեսփոխաններդ ներկայ գտնուին», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ արդեօք Լիբանանի մէջ կա՞յ ուշիմ մէկը, որ համոզուած է, թէ երկիրը օրէնսդրութեան կարիք չունի:

