«Նախագահական Ընտրութիւն Պիտի Ըլլայ, Իսկ Կառավարութեան Նիստ Մը Գումարելու Համար Հրատապ Հարցեր Տակաւին Չկան» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման` խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ

Նախագահ Սլէյման` խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց, որ ոչ մէկ պատճառ կայ Լիբանանի մէջ իրարանցում ստեղծելու:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ շատ դիւրին է շրջանցել շրջանային առումով Լիբանանի մէջ արձանագրուած հարցերը: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի վարչակարգը փոխելու կարիք չկայ, երկրին Ազգային ուխտին շուրջ հարցեր չկան, ինչպէս նաեւ երկիրը արագօրէն կրնայ լուծել իր դիմագրաւած խնդիրները, յատկապէս` տնտեսական հարցերը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նախագահական ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ կառավարութիւնը խորհրդարանին վստահութեան քուէն չստանայ:

Ան դիտել տուաւ, որ մինչեւ օրս տակաւին չկան հրատապ հարցեր, որոնք կ՛ենթադրեն կառավարութեան նիստի մը գումարումը:

Նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարը բաւարար չէ, որ կառավարութիւնը արտակարգ նիստ մը գումարէ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ խորհրդարանին կողմէ անձնաւորութեան մը պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելը հակասահմանադրական է` շեշտելով, որ նախագահական ընտրութիւն պիտի կատարուի եւ Լիբանան հանրապետութեան նոր նախագահ մը պիտի ունենայ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, Թրիփոլիի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յաջորդ օրերուն ընթացքին Լիբանանը հարուածող մրրիկին նախօրեակին քաղաքացիներուն օժանդակութեան նպատակով որդեգրուած միջոցառումները:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան Պէյրութի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր:

 

Share this Article
CATEGORIES