Նախարարներ Արիտի Եւ Սաֆատի Իրարու Դէմ Ցեխարձակումներ Կը Կատարեն

Արիտի` մամլոյ ասուլիսին պահուն
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ցեխարձակումներ կատարեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի դէմ եւ զայն գողութեամբ ամբաստանեց, իսկ Սաֆատի պատասխանելով Արիտիի յայտարարութիւններուն շեշտեց, որ անոր յայտարարութիւնները զրպարտութիւններ են եւ սուտեր:
Արիտի անձնական եւ պաշտօնական հանգամանքով լիբանանցիներէն ներում հայցեց, անցեալ չորեքշաբթի օրուան ընթացքին անձրեւներուն պատճառով ճամբաներու ջուրով ողողման համար` շեշտելով, որ ինք չ՛ուրանար հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան պատասխանատուութիւնը:
Արիտի նշեց, որ ինք 3 մայիսին ելեւմուտքի նախարարէն պահանջած է ընդառաջել լիբանանցիներուն օգտին կատարուելիք ծրագիրներուն, որոնք կառավարութեան կողմէ 2012-ին վաւերացուած են` աւելցնելով, որ Սաֆատի իր պահանջին դրական պատասխան տուած է 7 մայիսին, ապա յանկարծ մերժումի պատասխան մը ուղարկած է 2 սեպտեմբերին:
«Ելեւմուտքի նախարարութենէն անցեալ մայիսին 61 միլիառ լ. ոսկի պահանջեցինք. այդ պահանջին պատասխանը ստացանք 17 յուլիս 2013-ին: Պատասխանը սկզբունքով համաձայնութիւն յայտնած էր, պայմանաւ որ կատարուելիք աշխատանքները մաս կազմէին ընթացիկ հարցերու կառավարութեան համապատասխանող աշխատանքներուն», ըսաւ Արիտի:
Ան հաստատեց, որ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան բոլոր պահանջներուն նպատակն էր գործել եւ ծրագիրներ իրականացնել, սակայն մինչեւ օրս նախարարութիւնը ոչինչ ստացած է:
Արիտի աւելցուց, որ ինք որոշ ընկերութիւններու թելադրած է գործել առանց ելեւմուտքի նախարարութեան հաւանութեան` շեշտելով, որ ինք կը ստանձնէ պատասխանատուութիւնը եւ աւելցնելով, որ ինք պատասխանատու է նախարարութեան կողմէ ծախսուած իւրաքանչիւր թղթոսկիի:
Արիտի նշեց նաեւ, որ երբ նախարարութիւնը դիմած է կառավարութեան, Սաֆատի միջամտած է եւ շեշտած, որ 2 միլիառ լ. ոսկիի գողութեան հարց մը կայ` աւելցնելով, որ ինք այդ մասին Սաֆատիի հարց տուած է, թէ արդեօք ի՞նք գողցած է, թէ՞ գողերը հովանաւորած:
«Իմ հարցումս Սաֆատիին այն էր, թէ ո՞վ է 4 միլիառ լ. ոսկիի պատասխանատուն: Երբ ես ստանձնեցի նախարարութիւնը, Սաֆատի զիս գողերէն զգուշացուցած էր», ըսաւ Արիտի:
Ան աւելցուց նաեւ, որ Սաֆատի առանց պետական արտօնագիրի իրեն յատուկ նաւահանգիստ մը կառուցած է Պըրպարայի մէջ, ինչպէս նաեւ օրինազանցութիւններ կատարած Զէյթունա Պէյի մէջ:
Իր կարգին, Սաֆատի շեշտեց, որ Արիտիի կողմէ իր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները անհիմն են` աւելցնելով, որ Արիտիի կողմէ իր դէմ մղուած պայքարը զուտ քաղաքական է:
«Արիտիի կատարած ցեխարձակումները զուտ քաղաքական են, որովհետեւ ես սիւննի անձնաւորութիւն մըն եմ եւ վարչապետի պաշտօնին թեկնածու, իսկ ոմանք չեն փափաքիր հզօր անձնաւորութիւն մը եւ վարչապետ մը տեսնել այս հանգրուանին», ըսաւ Սաֆատի:
Սաֆատի շեշտեց, որ Արիտի նախարարութեան անունով գումարներ կը պահանջէր իր անձնական ծրագիրներուն գործադրութեան համար, հետեւաբար ընթացիկ կառավարութեան աշխատանքներուն ծիրին մէջ ծախսուած գումարը իրեն համար անբաղձալի էր:
Ան զարմանք յայտնեց, որ Արիտի ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ օրինակելի նախարար եւ մնացեալ բոլոր նախարարները պատասխանատու կը նկատէ իր բացթողումներուն: Սաֆատի յայտնեց, որ Արիտիի կողմէ այս մօտեցումը խորքին մէջ ամէնէն պժգալին է:
«Արիտիի կատարած յայտարարութիւնները քաղաքական են, եւ ան այդ անձնաւորութիւններէն է, որ կը վճարուի քաղաքական կեցուածքներ արտայայտելու համար», ըսաւ Սաֆատի:
«Հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը եւ նախարար Արիտի երկրին կարեւորագոյն նախարարութիւնը եւ նախարարը չեն նկատուիր. ամօթ է Արիտիի, որ նման մանրամասնութիւններու մէջ մտած է: Ոչ մէկ նախարար կրնայ ապօրինի կերպով կոպեկ մը իսկ իւրացնել», շեշտեց ան:
Սաֆատի հաստատեց, որ երկիրն ու քաղաքացիներուն շահերը առաջնահերթ են, իսկ այս դժուար հանգրուանին մեր պարտականութիւնն է պահպանել ժողովուրդին դրամն ու շահերը», եզրափակեց ան:

